«Վարանդա» Երգչախումբը 22 Տարեկան Է


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Սեպտեմբեր 4ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի համերգը: Համերգը նուիրուած էր երգչախումբի ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանի խմբավարական ասպարէզի 25ամեակին, ինչպէս նաեւ «Վարանդա» երգչախումբի գործունէութեան 22ամեակին:
Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցած են «Վարանդա» երգչախումբի մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական խումբերու անդամներ: Երգացանկին մէջ ներառուած էին թէ՛ մեր դասականներու, թէ արտասահմանեան, եւ թէ երիտասարդ երգահաններու աշխատանքներ:
Զաքար Քէշիշեանի հիմնադրած կամ վերստեղծուած «Կաքաւիկ», «Ծիածան», «Շնորհալի», «Կարկա»չ, «Այգ» եւ «Վարանդա» մանկապատանեկան, երիտասարդական երգչախմբերուն մէջ սերունդներու հերթափոխութեամբ մինչեւ օրս երգած են աւելի քան 1350 պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնց հետ ան ստեղծած է հոգեւոր ամրակուռ կամուրջներ: Ուսուցանած եւ կատարած է 600է աւելի խմբերգեր։ Երգչախումբերը բեմ բարձրացուցած է աւելի քան 250 անգամ՝ միշտ ըմբոշխնելով հանդիսատեսին ջերմ ընդունելիութիւնն ու համակրանքը:
Համերգի աւարտին Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը խմբավարական գործունէութեան 25ամեակի եւ Արցախի մէջ ներդրած անձնական աւանդին համար Զաքար Քէշիշեանին յանձնած է նախարարութեան պատուոյ գիրը, ապա ընթերցուած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի շնորհաւորական ուղերձն ու յանձնուած է պատուոյ գիր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.