Արամ Ա. Այցելեց Հայ Դատի Գրասենեակ Եւ Հանդիպում Ունեցաւ Քոնկրեսական Քեւըն ՄըքՔարթիի Հետ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 12ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը, ընկերակցութեամբ Օշական արք. Չօլոյեանի՝ առաջնորդ Արեւելեան թեմի, Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի:
Ողջունելով վեհափառ հայրապետի այցելութիւնը՝ կեդրոնատեղիի աշխատակազմի ղեկավար Արամ Համբարեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ նորին սրբութեան ժողովական բազմազբաղ վիճակին, ան կ՛այցելէ Հայ Դատի աշխատանքները կազմակերպող ու հետապնդող Ուաշինկթընի կեդրոնը: Համբարեան մասնակցած ըլլալով Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած Ուաշինկթընի միջազգային համագումարին՝ իր հրճուանքը արտայայտեց վեհափառին կատարած կարեւոր դերին, ինչպէս նաեւ յաճախակի առիթներով Հայոց Ցեղասպանութեան գծով կատարուած յիշեցումներուն: Ան նաեւ վեր առաւ Հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած նպաստը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն:
Արամ Ա. նախ իր յատուկ ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի իրեն համար միշտ սիրելի եղած Հայ Դատի աշխատանքներու կեդրոնը: «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան կենսական մարզերէն մէկն է մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը», հաստատեց վեհափառը: Ապա, ան իր գնահատանքը յայտնելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ցարդ կատարուած կարեւոր աշխատանքներուն համար՝ շեշտեց, թէ ժամանակը հասած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան աշխատանքները փոխադրուին իրաւական դաշտ: «Հեզասահ պիտի չընթանայ այս գործընթացը, սակայն մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք նման քայլի մը դիմելու», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի համագումարի աշխատանքներուն ու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ պատասխանելով կեդրոնի աշխատակազմին ու ներկայ հիւրերուն կողմէ իրեն ուղղուած շարք մը հարցերու:
Յայտնենք, որ Հինգշաբթի օր, ընդառաջելով Հայ Դատի կեդրոնատեղիի պատասխանատուներու խնդրանքին՝ կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ վանքերն ու եկեղեցիները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու գծով՝ Քոնկրեսի ենթայանձնախումբին կողմէ ներկայացուած նախագիծին առնչուած հարցեր:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷæ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Սեպտեմբեր 12ի առաւօտուն, վեհափառը, Օշական արք. Չօլոյեանի, Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի ընկերակցութեամբ, առիթ ունեցաւ այցելելու Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Տիգրան Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի եւ իրենց աշխատակազմին կողմէ: Վեհափառը նախ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ դեսպանին հետ եւ տեղեակ պահեց զայն համագումարի աշխատանքներուն ու նախագահ Օպամային հետ ունեցած հանդիպման մասին:

Ապա, աշխատակազմի եւ վեհափառին այցելութեան առիթով հրաւիրուած ազգայիններու ներկայութեան, դեսպան Սարգսեան ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսի դեսպանատուն այցելութիւնը՝ յիշեցնելով, որ դեսպանատունը փոքրիկ Հայաստան մըն է Ամերիկայի հողին վրայ եւ դեսպանատան ճամբով իրենց կարելին կ՛ընեն նպաստելու Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն ու տնտեսական վերելքին: Դեսպանը շեշտեց եկեղեցւոյ դերը Հայաստանի հզօրացման գործընթացին մէջ: Խօսք առաւ նաեւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչը, որ անդրադառնալով վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ապահովական խախտումներուն, շեշտեց Ղարաբաղի բանակին ու ժողովուրդին ամուր կամքը եւ հայրենասիրութիւնը՝ դիմագրաւելու Ատրպէյճանի կողմէ ներթափանցման որեւէ մէկ փորձ:
Խօսք առաւ նաեւ Օշական արք. Չօլոյեան, որ անդրադարձաւ համագումարի ընթացքին վեհափառի առանցքային դերին ու ժողովի աշխատանքներուն անոր բերած կարեւոր նպաստին:
Արամ Ա. կաթողիկոս նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց գտնուելուն համար Հայաստանի դեսպանատան մէջ, «որ միշտ կը մնայ ու պէտք է մնայ մեր ժողովուրդի զաւակներու գուրգուրանքին ու զօրակցութեան առարկան, բոլոր երկիրներէն ներս»: Ան ողջունեց դեսպան Սարգսեանի նշանակումը՝ մաղթելով, որ իր ունեցած մասնագիտութեամբ տնտեսական մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ որպէս վարչապետ իր ձեռք ձգած փորձառութեամբ, կարեւոր նպաստ կը բերէ Հայաստանի ու Մ. Նահանգներու դիւանագիտական յարաբերութեանց: Կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին՝ շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւններ առիթ պէտք է դառնան մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման:
Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ այցելեց Լիբանանի դեսպանատունը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտի՝ ի պատիւ պատրիարքներուն սարքած ճաշկերոյթին: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վատիկանէն ժամանած կարտինալներ, Քոնկրեսի անդամներ եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.