Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Աշխարհի Ախոյեան


0912_Arsen-Greco-Romaine-fՈւզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ աւարտեցան ըմբշամարտի յունա-հռոմէական ոճի աշխարհի ախոյեանութեան 75 քկ կշիռքի մրցումները: Այս կարգի մրցումներուն աշխարհի ախոյեան դարձաւ Հայաստանը ներկայացնող Արսէն Ջուլֆալակեան: Ան աւարտական մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց խրուաթ Նեւեն Զուկաժին:

Դէպի աւարտական մրցումի ճամբուն վրայ Ջուլֆալակեան յաղթեց ազրպէյճանցի Էլվին Մուրսալիեւին (9-0), աւստրիացի Ֆլորիան Մաչլիային (12-1), մեքսիքացի Լեւին Էսքոպարին (11-2) եւ վրացի Զուրապ Դաթունաշվիլիին (1-0):

Ջուլֆալակեան առաջին անգամն էր, որ կը նուաճէր աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը: Անցեալին ան մէկ անգամ տիրացած է արծաթ մետալին, իսկ երեք անգամ` պրոնզին:

0912_ArsenԴառնալով աշխարհի ախոյեան` ան կրկնեց իր հօր եւ մարզիչին` Լեւոն Ջուլֆալակեանի նուաճումը, երբ վերջինս 1987-ին դարձած էր իր կարգին աշխարհի ախոյեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.