Մուշի մէջ հիմնուած է հայերու «Տարօն» միութիւնը


Ըստ թրքական Haberler կայքէջին, Մուշի մէջ վերջերս հիմնուած է հայերու համերաշխութեան, ընկերային և զբօսաշրջութեան «Տարօն» միութիւնը։

Միութեան հիմնադրման հանդիսութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայէն ժամանած Օփսէթ Բաթփինեանը, որուն հայրն ու մեծ հայրը Մուշի Վարդոյի շրջանին կից Չայչաթը գիւղէն են:

Միութեան անդամներէն Արմէն Գալստեանը յայտնած է, որ միութեան նպատակը երկու ժողովուրդներու համերաշխութեան նպաստելն է:

Նոյն հանդիսութեան ներկայ եղած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան` Մուշի մասնաճիւղի նախագահ Իսմայիլ Ատանուրը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.