Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի բանակատեղին կրնայ հիւրընկալել 1000 սկաուտներ


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը նախապէս մեր հանրութեան սեփականութիւնը դարձուցած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով` 2011-ին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին անհատոյց (մշտական) օգտագործման իրաւունքով, նախկին բանակավայրի կից, տրամադրած էր մէկ հեկտար հողատարածք մը, ընդարձակելով օգտագործուած բանակավայրը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կատարած բանակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ նոր տրամադրուած հողատարածքը սարքել բանակատեղիի  ամբողջական յարմարութիւններով շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Պրն. Սերժ Սարգսեանի եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի նախագահ` Պրն. աբրիէլ Չեմպերճեանի կատարած բարոյական աջակցութեամբ  ու նիւթական իշխանական նուիրատուութեամբ:

Այժմ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի բանակատեղին  իր ունեցած յարմարութիւններով կրնայ հիւրընկալել 1000 սկաուտներ:

Արդ` համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ բանակումին` 31 Յուլիսէն 9 Օգոստոս 18 կազմակերպական շրջաններէ մասնակցեցան աւելի քան 750 սկաուտներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ` Պրն. Սերժ Սարգսեան 22 Օգոստոս 2014ին, այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ-ի բանակավայրը, ուր 18 Օգոստոսէն կը կայանար Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի համահայաստանեան բանակումը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 300 սկաուտներ, ինչպէս նաեւ երկրորդ տարին ըլլալով «Խաղաղութեան Սուրհանդակներ» նախագիծին մէջ ներառուած Հայաստանի տարբեր մարզերու ընկերային խնամքի տակ եղող հաստատութիւններէ երեխաներ:

Պրն. Սերժ Սարգսեան իր այցելութեան ծիրին մէջ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին հետ կատարած է բանակավայրի նոր հողատարածքին գործունէութիւնը ազդարարող ցուցատախտակին բացումը, ուր արձանագրուած էին Պրն. Նախագահին ու «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատուոյ նախագահին անունները:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Սփիւռքի նախարարը, «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատուոյ նախագահը, Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ներկայացուցիչները:

Այս առիթով Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը յիշատակի յուշանուէրներ յանձնած է Պրն. Սերժ Սարգսեանին եւ Պրն. աբրիէլ Չեմպերճեանին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները միշտ երախտապարտ պիտի մնան իրենց բարերարներուն նկատմամբ:

                                      Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.