Թուրքիա «Հայ» Բառը Տգեղ Մեղադրանք Կը Համարէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը արդարացուցած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հակահայ յայտարարութիւնը՝ «հայ» բառի օգտագործումը «տգեղ մեղադրանք» համարելով։
Թրքական «Կազեթեփորթ» լրատուական կայքին համաձայն՝ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը քննած է նախընտրական շրջանին թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը հնչած Էրտողանի այն խօսքը, թէ՝ ինք շատ վիրաւորուած է, որովհետեւ զինք հայ անուանած են. խորհուրդը հասած է այն եզրակացութեան, որ այդ խօսքը խտրականութիւն չի սերմաներ եւ հայերը չի նուաստացներ՝ արդարացնելով «հայ» կոչուիլը «տգեղ մեղադրանք» նկատող Էրտողանի խօսքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.