Ատրպէյճանէն 300 Միլիոն Եուրօ Վարկ Ստացած Սերպիան Կը Խոստանայ Արցախի Տագնապին Լուծման Նպաստել


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը Սեպտեմբր 10ին կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան Սերպիոյ յատկացուցած է 300 միլիոն եուրոյի վարկ մը, 15 տարուան ժամկէտով:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ համապատասխան համաձայնագիրը կնքուած է Պաքու այցելող Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիքա Տաչիչի եւ անոր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի միջեւ:
Երկու նախարարները նաեւ քննած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը: Մամետեարով նշած է, որ Պաքուի համար կարեւոր է Սերպիոյ դիրքորոշումը, որովհետեւ անիկա 2015 Յունուար 1ին պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿի նախագահութիւնը:
Իր կարգին, Տաչիչ ըսած է, որ Սերպիա իր աւանդը պիտի դնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Սերպ դիւանագէտը ընդգծած է, թէ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին երկխօսութեամբ, զոր միակ ելքը կը նկատէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.