Ըմբշամարտ. Դաւիթ Սաֆարեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական


0909_Greco-RomaineՈւզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ կը շարունակուին ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ազատ ոճի խաղերը եւ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը:

61 քկ կշիռքի ազատ ոճի խաղերուն Վոլոդիա Ֆրանգուլեան իր առաջին խաղէն իսկ պարտութիւն կրեց ռուս մարզիկ Ալեքսանտր Պոքոմոյեւէն եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Սակայն 65 քկ կշիռքի խաղերու պարագային, աշխարհի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան 1/16-րդ հանգրուանին յաղթանակ տարաւ քանատացի Խայսլան Վերանեսի դէմ եւ հասաւ քառորդ աւարտական:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.