Հռոմի Պապը Թուրքիա Եւ Հայաստան Պիտի Այցելէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Հռոմի պապը անհամբեր կը սպասէ Թուրքիա եւ Հայաստան կատարելիք իր այցելութեան: Ֆրանսիս Ա. պապը իր այս այցելութեան ծրագիրին մասին յայտնած է Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Քենան Կիւրսոյի հետ հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին: Հռոմի պապը մտադիր է Անգարա այցելել Նոյեմբեր 29ին, ապա պիտի ուղեւորուի Պոլիս՝ Սուրբ Անդրէասի տօնին մասնակցելու համար: Ֆրանսիս Ա. այս այցելութիւնը պիտի օգտագործէ Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներու կոտորածները դադրեցնելու կոչ ընելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.