Աւստրիոյ կառավարութիւնը 600 հազար եուրօ կը տրամադրէ սուրիահայերու աջակցութեան ծրագրին


Նախարարներ Կուրց եւ Նալպանտեան

ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ – Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեբաստիան Կուրց Սեպտեմբեր 8-ին այցելեց Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան կեդրոն, ուր ծանօթացաւ աւստրիական կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած «Աջակցութիւն սուրիահայերուն» ծրագրի արդիւնքներուն:

 «Մենք քաջատեղեակ ենք, որ յատկապէս փախստականները բաւական խոցելի վիճակի մէջ են, և ծրագիրը օգտակար է անոնց կեանքի որակը բարելաւելու համար: Ես ուրախ եմ յայտնելու ձեզ, որ մենք այս ծրագրին պիտի շարունակենք օժանդակել եւ յաւելեալ 600 հազար ե՚ուրօ պիտի նուիրենք այս ծրագրում»,- ըսաւ Սեբաստիան Կուրցը:՚

 Նշենք, որ աւստրիական կառավարութիւնը 600 հազար եուրօ փոխանցած էր Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան եւ «Հայկական Քարիթասին», որպէսզի իրականացուի «Աջակցութիւն սուրիահայերուն» ծրագիրը, որուն միջոցով 300 սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիք վեց ամիս շարունակ ստացած են ձմեռնային հագուստ եւ կօշիկ, իսկ 100 այլ ընտանիքներ վեց ամիս շարունակ ստացած են բնակարաններ վարձակալելու աջակցութիւն,  դեղորայք եւ սննդամթերք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.