Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ Հանդիպում


Սեպտեմբեր 4-ին Նիւփորթի մէջ տեղի ունեցող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ հանդիպումը:

Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարին վերաբերող հարցեր: Կողմերը ներկայացուցին իրենց երկիրներուն դիրքորոշումները բանակցային հոլովոյթին մէջ:

Արտաքին գործոց նախարար Քերրին իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս ընդգծեց տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանքի բացակայութիւնը, իրավիճակի լարման բացառում եւ կոչ ուղղեց գտնելու մեքանիզմներ` տագնապի լարման թուլացման եւ կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման համար:

Քերրի կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցութիւններու շարունակումը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ըստ կարելւոյն աջակցելու հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղիներու որոնման: Ան միաժամանակ ընդգծեց, որ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու գործին մէջ չափազանց կարեւոր է կողմերու քաղաքական կամքը:

Նախքան հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած էր. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները այսօր ներկայ պիտի ըլլան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, կը սպասուի մեր ընդհանուր արժէքներու եւ նպատակներու վերաբերեալ կտրուկ յայտարարութիւն»:

Սարգսեան Կոչ Կ՛ուղղէ Ընդունելու 

 Մինսքի Խմբակի Բառապաշարը

ՕԹԱՆ-ի նոյն վեհաժողովին ծիրին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին հաստատած է, որ հայերը լաւ գիտեն թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ խաղաղութեան գինը: Սերժ Սարգսեանի խօսքով, այդ պատճառով երկիրը ստիպուած է գրեթէ ամէն օր պայքարիլ այդ նպատակները իրականացնելու եւ հաստատելու համար:

«Այս սրահին մէջ ընտրութիւն պիտի կատարուի երկու տարբերակներու միջեւ. կա՛մ կ՛ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը, որ կ՛երաշխաւորուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ եւ կը յաղթէ առողջ բանակցութիւնն ու խաղաղութեան ձգտումը, կա՛մ կրկին լուռ, խրախուսուած կը մնան այլատեացութեան խորացումը, պատերազմի հռետորութիւնն ու մարդկային կեանքեր խլող ապագայ բոլոր սադրանքները, եւ կը յաղթէ  Ազրպէյճանը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.