Թուրքիա Եւ Ատրպէյճան Միասնաբար Պիտի Ուրանան Ցեղասպանութիւնը

\n

 

\n

\n

\n

\n

ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին ընդունած է Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութիւնը եւ անոր հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ Թուրքիա որքա՛ն ուժեղ ըլլայ, այնքան ալ Ատրպէյճան ինքզինք ուժեղ պիտի զգայ։ Ալիեւ նաեւ ուրախութիւն յայտնած է, որ Էրտողան եկած է իրեն «հարազատ Ատրպէյճան»ը։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճանի դիրքորոշման սատարելուն համար, եւ իր կարգին Թուրքիոյ խոստացած է սատարել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ ուրացման ջանքերուն։
Ալիեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ թուրք-ատրպէյճանական անդրանատոլական կազատարի նախագիծը որոշուած ժամանակամիջոցին կ՛իրագործուի։
Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին յայտարարած է, որ Ալիեւի հետ հանդիպման «օրակարգի հիմնական հարցը կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը»։ Ան նշած է, որ Ալիեւի հետ «այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերը քննարկած է»։
Երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ակնարկելով՝ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր է Ատրպէյճանի հետ տարեկան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը հասցնել 15 միլիառ տոլարի։ «Մենք երկու պետութիւն, մէկ ազգ ենք, ասիկա Հայտար Ալիեւի ժառանգութիւնն է», նշած է Էրտողան։
Նաեւ, ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պիտի ներառուի ՆԱԹՕի վեհաժողովի օրակարգին վրայ։
Ըստ Էրտողանի՝ վեհաժողովին ընթացքին Թուրքիան մտադիր է յիշեցնել դաշինքին կողմէ Ատրպէյճանին տրուած խոստումներուն կատարման կարեւորութիւնը։ «Ատիկա Ատրպէյճանի իրաւունքն է. երկրին տրուած խոստումները պէտք է կատարուին։ Թուրքիա պատրաստ է այդ հարցին մէջ վճռականութիւն ցուցաբերելու», ըսած է Էրտողան։ Ըստ անոր՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը առաջնահերթութիւն է Թուրքիոյ համար, եւ՝ երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակի ցուցանիշ։ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին միայն ղարաբաղեան տագնապի լուծումէն ետք», ըսած է Էրտողան։
Յայտնենք, թէ ՆԱԹՕի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 4-5ին, Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.