Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Էրտողանը Երեւան Հրաւիրելու Հայաստանի Քայլը


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հանրի Շենօ «Արմէնփրէս»ին յայտնեց, որ Ֆրանսա կ՛ողջունէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը Ապրիլ 24, 2015ին Հայաստան հրաւիրելու Երեւանի քայլը եւ որեւէ այլ նախաձեռնութիւն եւս, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց կարգաւորման կրնայ առաջնորդել։
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 28ին, Անգարայի մէջ կայացած Էրտողանի երդման արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թուրքիոյ նախագահին փոխանցած էր Երեւան այցելելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի նշեալ հրաւէրը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.