1 Սեպտեմբեր 1966. Խորհրդային Հայաստան Արցախի վերամիացման խնդրագիր կը յղէ Քրեմլին


Սեպտեմբեր 1ի այս օրը, 48 տարի առաջ, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը պաշտօնական խնդրագրով դիմեց Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն՝ Արցախը մայր հայրենիքին վերամիացնելու պահանջով։ 

Իր տեսակին մէջ առաջին եւ միակ դիմումը չէր 1966ի այդ քայլը։
1923ին Քրեմլինի կեդրոնական ղեկավարութեան՝ որոշապէս Ստալինի ձեռամբ գործուած մեծ յանցագործութենէն, մայր հայրենիքի հետ առանց ցամաքային կապի սահմանագծուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (Լ.Ղ.Ի.Մ.) ստեղծումէն ետք, մեր ժողովուրդը բնաւ չհամակերպեցաւ կատարուած անարդարութեան։
Թէ՛ ժողովրդային եւ թէ Կոմկուսի ղեկավար հայ գործիչներու կողմէ պարբերաբար կատարուեցան նման դիմումներ։ Ժողովրդային ստորագրահաւաքներով եւ պաշտօնական խնդրագրերով՝ Խորհրդային Հայաստանն ու Լ.Ղ.Ի.Մ.ը տէր կանգնեցան Արցախի վերամիացման պահանջին։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ ատրպէյճանական տիրակալութեան տակ ստոյգ կործանումը կը սպառնար հայկական արծուեբոյնին։
Տասնամեակներու ընթացքին, Պաքուի իշխանութիւնները ամէն քայլի դիմեցին, որպէսզի ինչպէս Նախիջեւանը, նոյնպէս եւ Արցախը ապահայացնեն, ոչ միայն հայկական հինաւուրց քաղաքակրթութեան ամէն հետք ոչնչացնելով, այլեւ հետեւողականօրէն հայաթափման ենթարկելով հայրենի մեր հողերը։
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին ախտորոշումով՝ խորհըրդային լուծի տակ, «Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ադրբեջանի խտրականութիւնն իր ազդեցութիւնն ունեցաւ նաեւ Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ եւ դարձաւ վերջինիս գաղթի հիմնական պատճառը: Արդիւնքում, Ղարաբաղի բնակչութեան յարաբերակցութիւնը փոփոխուեց. եթէ 1923 թուականին հայերը կազմել են Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 94,4 տոկոսը, ապա 1989թ. տուեալներով հայերի թիւը նուազել է մինչեւ 76,9 տոկոս: Հայաթափման քաղաքականութիւնն առաւել յաջող ընթացաւ մէկ այլ հայկական տարածքում՝ Նախիջեւանում:
«Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ժողովուրդը եւ Հայկական Խ.Ս.Հ. իշխանութիւնները Ղարաբաղն Ադրբեջանական Խ.Ս.Հ.ին փոխանցելու որոշումը վերանայելու խնդրանքով՝ Խ.Ս.Հ.Մ. կենտրոնական իշխանութիւններին ուղղուած բազմաթիւ դիմումներ են յղել, որոնք անտեսուել են կամ մերժուել՝ պատճառ դառնալով նախաձեռնողների հանդէպ կիրառուող հալածանքների: Նշուած դիմումների թւում են Հայկական Խ.Ս.Հ. Կառավարութեան եւ Կոմունիստական Կուսակցութեան Կենտրոնական Կոմիտեի 1945թ. դիմումը Խ.Ս.Հ.Մ. կառավարութեանը եւ Համամիութենական Կոմունիստական Կուսակցութեան Կենտրոնական Կոմիտէին, 1963թ. Լ.Ղ.Ի.Մ. ազգաբնակչութեան աւելի քան 2,5 հազար, իսկ 1965թ. աւելի քան 45 հազար ստորագրութեամբ նամակները՝ հասցէագրուած Խ.Ս.Հ.Մ. ղեկավարութեանը, 1977թ. Խ.Ս.Հ.Մ. նոր Սահմանադրութեան համաժողովրդական քննարկումների շրջանակում Լ.Ղ.Ի.Մ. աշխատանքային կազմերի (կոլեկտիվների) առաջարկութիւնները»:
1 Սեպտեմբեր 1966ի խնդրագիրը, հետեւաբար, ինքըստինքեան Արցախեան պահանջատիրութեան հերթական դիմումներէն մէկը ըլլալով հանդերձ, կ’առանձնանայ իր ժամկէտին կարեւոր նշանակութեամբ։
Խորհրդային Հայաստանի կեանքին, ազգային առումով, ամէնէն ալեկոծ ժամանակաշրջանն է 1965ը։ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով, հարիւր հազարներով հայորդիներ ողողեցին Երեւանի կեդրոնը՝ վանկարկելով «Մեր հողերը, մեր հողերը» պահանջը։ Մոսկուան հայկական պահանջատիրութեան այդ համաժողովրդային պոռթկումին բրտօրէն հակադարձեց՝ տասնեակներով երիտասարդ գործիչներ ձերբակալելով եւ բանտ նետելով։
Այդ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանին նաեւ Արցախի հայութիւնը պահանջատիրական իր տարերքին մէջ էր՝ Հայաստանին վերամիանալու դիմումներու տակ համաժողովրդային ստորագրահաւաք կատարելով եւ Քրեմլին ուղղելով զանոնք։
1966ը յատկանշական թուական եղաւ նաեւ այն առումով, որ օրին՝ Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմին առաջին քարտուղարը Եակով (Յակոբ) Զարուբեանն էր։ Խորհրդային Հայաստանի թիւ 1 ղեկավարի այդ պաշտօնին Զարոբեան կոչուած էր 1960ին եւ քանի մը տարուան մէջ յաջողած էր խրախուսել ազգային պահանջատիրութեան նախաձեռնութիւնները։ Խորքին մէջ Զարուբեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ էր, որ Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակի պոռթկումներէն ետք, Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ, սկսան իրականացուիլ աշխատանքները հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած մեծ ցեղասպանութեան զոհերուն՝ մեր անմոռանալի նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան¬կոթողի կառուցման։
Այդ խորապատկերով՝ 1 Սեպտեմբեր 1966ին Արցախի վերամիացման պահանջով Խորհրդային Հայաստանի պաշտօնական դիմումը Մոսկուայի կեդրոնական իշխանութեանց եղաւ «կարապի երգը» հայ կոմունիստներու ազգային նկարագրով այս գործիչին։
Բայց ինչպէս որ համացանցի վրայ աղբիւր մը դիտել կու տայ, «Խ.Ս.Հ.Մ.ում տիրապետող կայսերական¬կոմունիստական վարչակարգը չէր հանդուրժում հանրապետութիւններում ազգային նկարագիր ունեցող նման գործիչների գոյութիւնը եւ նրանց հեռացնում էր իշխանութեան վերին օղակներից։ Այդպէ՛ս վարուեցին նաեւ Զարոբեանի հետ»։
Զարոբեանի յաջորդեց Անտոն Քոչինեանը, որ փաստօրէն շարունակեց անսալ հայրենի մեր ժողովուրդին ծոցին մէջ խմորուող եւ մեր արժանաւոր մտաւորականութեան շունչով եռեւեփող ազգային պահանջատիրութեան բուռն զարթօնքին։
Քոչունեանի իշխանութեան օրով, 1969ին, փաստօրէն կառուցուեցաւ նաեւ 1918ի մեծ յաղթանակին նուիրուած Սարդարապատի յուշահամալիրը։
1 Սեպտեմբեր 1966ի դիմումը որբ չմնաց, հետագայ տարիները եկան յաւելեալ թափով յառաջ մղելու Արցախի վերամիացման շարժումը, մինչեւ որ 1988 թուականի Փետրուարին ժայթքեցաւ Հայաշխարհի ազգային¬պահանջատիրական վերազարթնումին անկասելի թափը։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.