Թուրքեր Կը Փափաքին Երեւանի Կապոյտ Մզկիթին Մէջ Աղօթել


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Իկտիրէն հասարակական կազմակերպութիւններ դիմած են երկիրի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ փափաք յայտնելով Երեւանի Կապոյտ մզկիթին մէջ ուրբաթօրեայ աղօթք կատարելու, Սեպտեմբեր 5ին:
Ըստ թրքական «ԿունտեմԷլազիկ» լրատուական կայքին՝ անոնք նախարարութիւն դիմած են նախ արտօնութիւն ստանալու եւ ապա պահանջելու համար, որ վերջինս այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու նպատակով Հայաստանէն ապահովական երաշխիք ստանայ:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչը, այսպէս կոչուած՝ Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարող միաւորումն է, որ կը հաւատայ, թէ նման քայլով Հայաստան կրնայ նպաստել Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն հաստատելու ջանքերուն։ Ըստ կազմակերպութեան՝ Թուրքիոյ հայկական համայնքը «ազատ եւ ապահով միջավայրի մէջ կ՛իրականացնէ իր կրօնական ծիսակատարութիւնները», եւ իր անդամները պարզապէս կը փափաքին նոյնը Երեւանի մէջ ընել, որովհտեւ՝ «Երեւանը մեր պատմական հայրենիքն է, ուրկէ մեր նախնիները բռնի կերպով տեղահանուած են»:
Նշենք, որ այս կազմակերպութիւնը յայտնի է իր հակահայ գործունէութեամբ: Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ անիկա նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ Ատրպէյճանէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.