Նոր Հրատարակութիւն. Սողոմոն Թեհլիրեան Արդարահատոյցը


ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Համայն հայութեան շուրթերուն երգ դարձած անուն մը: Սողոմոն Թեհլիրեան, որ վրիժառութեան ներշնչում դարձած է: Հայ ժողովուրդի մեծագոյն թշնամիներէն, ցեղասպան Թալէաթ փաշային դէմը կանգնած, կատարեց գերագոյն արարքը` զգետնելով զայն: Հոգեկան խաղաղութիւն պարգեւեց հայութեան` Պերլինի մէկ փողոցին մէջ իրագործելով անմոռանալի քաջագործութիւն մը: Ցեղասպանութեան ենթարկուած համայն հայ ժողովուրդին հաշիւը կը մաքրէր իր սխրանքով:

Պատմութիւնը յստակ է արդէն` երգով մը մեկնաբանուած.

«Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլիրեանը հասաւ ետին,
Զարկա՛ւ ճակտին, փռեց գետին,
Գինի լից, աղբե՛ր ջան…»:

Գիրքեր գրուած են այս մեծ քաջութեան մասին: Այս նոր հրատարակութեամբ անգամ մը եւս կը յիշուի անմոռանալին: Կը կարդանք Պերլինի դատավարութիւնը, դատաստան մը` ներկայութեամբ դատախազներու, պաշտպան փաստաբաններու, երդուեալներու, վկաներու, որոնց շարքին` հռչակաւոր հայասէր Եոհաննէս Լեփսիուս եւ Գրիգորիս եպս. Պալաքեան:

Կատարուած երկարապատում քննարկումներէն, վկայութիւններէն, խոստովանութիւններէն ետք, արդէն կը տրուի ազատ արձակման վճիռը: Սողոմոն Թեհլիրեան անմեղ է:

Արդէն ամբողջ դատարանը լսեց երզնկացի Սողոմոնի ընտանիքին պատահածը, ան իր աչքերովը տեսաւ իր ընտանիքին` եղբօր, քրոջ, մօր սպանութիւնը եւ բռնաբարումը` ջարդարարին կացինով աւարտած: Այս անմարդկային կացութեան մէջ է նաեւ ինք` Սողոմոնը, ուրկէ հրաշքով կը փրկուի: Այս մանրամասնութիւններուն կը տեղեկանանք Սողոմոն Թեհլիրեանին յուշերը կարդալով:

Այս ամէնուն կ՛անդրադառնայ Յարութիւն Քիւրքճեանի  խմբագրած բծախնդիր աշխատանքով ամփոփուած հատորը, որ լոյս տեսաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն, մօտ 400 ծաւալուն էջերով:

Այս հատորը առաջին անգամ հրատարակուած է 1981-ին, ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ: Կը վերահրատարակուի 2014-ին, մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմանտ եւ Սոնիա Սիմոնեաններու` ի յիշատակ իրենց հօր` Արշաւիր Սիմոնեանին, որուն կենսագրութիւնը արձանագրուած է հատորի առաջին էջին` լուսանկարով:

Խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեան ընդարձակ նախամուտով մը կը վերլուծէ եւ կը մանրամասնէ «այս հատորին» առթիւ զանազան տեղեկութիւններ` հայկական, միջազգային անցուդարձերու կապակցութեամբ, որով կը պայծառանայ ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Ըսենք նաեւ, որ Յ. Քիւրքճեանի իւրայատուկ այս անդրադարձով յաւելեալ լոյս կը սփռուի հայ ժողովուրդին վերապահուած միջազգային անտարբերութեան վրայ:

Հատորը կը բաղկանայ 7 մասերէ` հետեւեալ շարքով.

1.- Հայկական ցեղասպանութիւնը – պատասխանատուութիւնները
2.- Հայկական Նիւրեմպերկը
3.- Հատուած` Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերէն
4.- Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան սղագրական արձանագրութիւն
5.- Արձագանգներ ժամանակակից մամուլէն
6.- Յարակից փաստաթուղթեր
7.- Նիւթեր ՀՅԴ արխիւէն

Ընթերցողը հետաքրքրութեամբ, յուզումով, խռովքով պիտի կարդայ հայութեան հանդէպ իրագործուած անարդարութեան մասին: Նոյն ատեն հոգեկան խաղաղութիւն մը պիտի զգայ մեր բոլոր արդարահատոյցներուն` Արշաւիր Շիրակեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Արամ Երկանեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի եւ Հրաչ Փափազեանի անհաւատալի, բայց իրա՛ւ սխրագործութիւններով:

Այս ամէնուն ի լուր, ընթերցողը հպարտութեամբ պիտի ողողուի ներքնապէս, կատարուած քաջագործութեան համար, զարմանալով նոյն ատեն մեծ պետութիւններու ցուցաբերած հայ ժողովուրդին եւ ճակատագրին նկատմամբ անտարբեր վերաբերումին:

Մանրամասնութիւններ ներկայացնելը անհարկի կը սեպենք, որպէսզի ընթերցողը ինք անձամբ դատապարտէ անցեալին կատարուած անարդարութիւնը եւ հաճոյքը զգայ իր հերոսական պատմութեան:

Գովելի նախաձեռնութիւն մը, որ կը հրաւիրէ  մանաւանդ երիտասարդները` պահիկ մը կեդրոնանալու այս հատորին փոխանցած եւ ներգործած ջերմ ուժին:

Շնորհակալութի՛ւն խմբագրին, մեկենասին, հրատարակիչներուն:

Անմոռանալի եւ «շարժանկարային» դիպաշարի մը վերարտադրումը առկայ է հատորին մէջ: Հերթը մի պահ ընթերցողինն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.