Քիւրտեր Կը Քանդեն Աթաթիւրքի Կիսանդրին


Քիւրտեր Կը Քանդեն Աթաթիւրքի Կիսանդրին

ՊՈԼԻՍ.- Տիարպեքիրի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան սպաննուած հրամանատարի մը արձանին քանդումէն զայրացած քիւրտեր, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20ին, Հաքքարիի «Անատոլու» վարժարանի բակին մէջ գտնուող Աթաթուրքի կիսանդրին քանդած են՝ զայն այրելէ ետք: Հաքքարիի դատախազութիւնը այս միջադէպին առնչութեամբ հետաքննութիւն բացած է:
Երեքշաբթի օր թուրք ոստիկաններ սպաննած էին 24ամեայ քիւրտ ցուցարար մը եւ վիրաւորած էին քանի մը ուրիշներ, երբ բախում տեղի ունեցած էր արձանը քանդելու ոստիկանութեան գործողութեան ընթացքին։
Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերը, Վանի մէջ տեղի ունեցած քիւրտ զինեալներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է թուրք զինուոր մը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.