Քոնկրեսական Քլարք Կը Դատապարտէ Արցախի Դէմ Ատրպէյճանի Բռնարարքները


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քեթրին Քլարք հանդէս եկած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի աճող բռնարարքները դատապարտող յայտարարութեամբ:
Քոնկրեսականը նշած է. «Խորապէս մտահոգ եմ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական բռնարարքներով, ինչպէս նաեւ Կարմիր Խաչի պատուիրակութեան եւ հայ քաղաքացիներու վրայ արձակազէններու յարձակումներով: Չափազանց երկար ժամանակ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կ՛ապրի ատրպէյճանական բռնարարքներու մնայուն սպառնալիքին ներքեւ»:
Ըստ Քլարքի՝ բռնարարքներու այս արշաւը կը խախտէ երկարատեւ զինադադարը եւ կրնայ յաւելեալ մարդկային զոհեր պատճառել:
«Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը կրցած է ստեղծել կենսունակ եւ ժողովրդավար հասարակութիւն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն», աւելցուցած է ան:
Այս առիթով, Քլարքին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.