Հռոմի պապը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին պատարագ պիտի մատուցէ


Հռոմի Ֆրանցիս Պապը 2015 թուականի ապրիլ 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ: Այս մասին կը հաղորդէ Արժանթինի Փրէսնա-Արմէնիա կայքէջը, որ կը կ՚աւելցնէ, թէ վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարած է Պուէնոս Այրէսի կարտինալ Մարիօ Փոլլին Օգոստոս 17-ին Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ մէջ կայացած պատարագի ընթացքին:

«Հռոմի Պապը դրական պատասխանած եւ ընդառաջած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած պատարագ մատուցելու 2013-ին Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի կողմէ ուղարկուած Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հրաւէրին», – յայտարարած է Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Փապլօ Հաքիմեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.