Թուրքիա Կը Վերահաստատէ Հայաստանի Հետ Սահմանը Փակ Պահելու Մտադրութիւնը
1885
0
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա պաշտօնական մակարդակով կը շարունակէ յայտարարել Հայաստանի հետ սահմանը բանալու մտադրութեան բացակայութեան մասին:
\n Արդարեւ, Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական Կիւրճան Թիւրքօղլու Չորեքշաբթի, Օգոստոս 13ին, ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուամիջոցին յայտնած է, որ անհիմն են թրքական մամուլին մէջ շրջող այն լուրերը, թէ հայ-թրքական սահմանը Սեպտեմբերին կրնայ բացուիլ։
\n «Այդ տեղեկատուութիւնը որեւէ հիմք չունի: Իկտիրէն մինչեւ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող Ալիճանի սահմանային անցակէտ տանող ճանապարհներու կուրպապատումը կը կատարուի ոչ թէ սահմանի բացման, այլ այդ շրջանի բնակիչներու տեղափոխութեան յարմար պայմաններ ստեղծելու համար», յայտարարած է Թիւրքօղլու:\n