Թուրքիոյ Բանակը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Ատրպէյճանին
1984
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմ.ինֆօ».- Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը, մասնաւորապէս՝ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ եւ Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ Նեճեթ Օզել, ցաւակցութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին, վերջին օրերուն սպաննուած ատրպէյճանցի զինուորներուն առնչութեամբ:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Թուրքիոյ բարձրաստիճան զինուորականները կարեկցանք ու միաժամանակ աջակցութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան:
Նշենք, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, ցաւակցութիւն յայտնելու նպատակով։