Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու թանգարան կը կառուցուի Լիբանանի մէջ


ՃԻՊԷՅԼ.- «Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ ահաւասիկ Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու նուիրուած այս թանգարանին շինութիւնը հասած է իր վերջին հանգրուանին» յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հինգշաբթի, 31 Յուլիս 2014-ի առաւօտուն, ««Թռչնոց Բոյն»»ի մէջ, Ճիպէյլ (Լիբանան): Շարունակելով իր խօսքը ներկայութեամբ թանգարանի շինարարական ու գեղարուեստական յանձնախումբերուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարաններ կան, ու տակաւին նորեր ալ կը հաստատուին, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, սակայն, Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու նուիրուած այս թանգարանը եզակի է՝ իր բնոյթով ու նպատակով: Ցեղասպանութեան մասին խօսելով, յաճախ կը մոռնանք մեր հազարաւոր որբերը. ահաւասիկ այս թանգարանի ճամբով մեր որբերը իրենց որբացած կեանքով, սակայն ամուր հաւատքով ու վճռականութեամբ, մեր հաւաքական յիշողութեան ու գիտակցութեան մէջ վառ պիտի մնան: Չմոռնանք երբեք, որ «Թռչնոց Բոյն»ի եւ մեր այլ որբանոցներու մէջ հաստատուած ծնողազուրկ մեր ազգի այս զաւակներն էին, որոնք ո՛չ միայն վերակազմակերպեցին հայրենազուրկ մեր ժողովուրդին կեանքը, այլեւ դարձան ռահվիրաները մեր ժողովուրդի վերածննդեան ու անոր արդար իրաւունքներու վերատիրացման նուիրական դատին»:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու թանգարանին յանձնախումբերը, նախագահեց ամբողջ օր մը տեւած ժողովական աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Կաթողիկոսարանի ճարտարապետները, պատմաբաններ ու հնագէտներ:

Թանգարանին շինութեան բարերարութիւնը ստանձնած են Զուիցերիայէն Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ ու Անի Պէզիկեան: Թանգարանը պիտի ունենայ երեք բաժին նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, որբերու կեանքին եւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան: Թանգարանին մէջ, գեղարուեստական մօտեցումով եւ արդիական ճարտարագիտութեան կարելիութիւններու լայն օգտագործումով պիտի զետեղուին նկարներ, տեղեկութիւններ եւ իրեր՝ երաժշտութեամբ ներդաշնակուած: Թանգարանի մուտքին պիտի տեղադրուի Մարիա Ճէյգոպսընի դամբարանը, որ «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիրը եւ հազարաւոր որբերու «մայրը» դարձած է, եւ անոր կողքին՝ 1929-1953 շրջանին մահացած որբերու դամբարանը: Օրին յանձնախումբը կոչ ուղղած էր բոլոր անոնց, որոնք «Թռչնոց Բոյն»ի կամ ընդհանրապէս որբերու առնչուած փաստաթուղթեր (նկար, վկայագիր, հաստատագիր, վիճակացոյց եւ այլն) ու գոյքեր ունին, խնդրելով զանոնք տրամադրել թանգարանին, առ ի ցուցադրութիւն: Նոյն կոչը դարձեալ կը կրկնենք: Թանգարանին շինութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին:

Յայտնենք, որ «Թռչնոց Բոյն»ը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգածութիւնը եւ վեհափառ հայրապետին յատուկ խնամքը: ««Թռչնոց Բոյն»»-ը սփիւռքի այն միակ հաստատութիւնն է, ուր անօգնական եւ աղքատ ընտանիքներու զաւակներ կը պատսպարուին, ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան` ապագային բարենպաստ կեանքի պայմաններ ունենալու ի խնդիր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.