Լեւոն Հայրապետեանը Բանտին Մէջ Կորսնցուցած Է Գիտակցութիւնը
1628
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ըստ «Մոտրոսկայա Տիշինա»ի բանտ գտնուող հայ գործարար, բարերար Լեւոն Հայրապետեանը կորսնցուցած է գիտակցութիւնը: Զայն կարելի եղած է ուշքի բերել անուշահոտով: Այդ մասին կը հաղորդէ «Artsakh Today» լրատուական կեդրոնը:
Վկայակոչելով Հայրապետեանի ազգական Գուրգէն Հայրապետեանի տեղեկութիւնները՝ աղբիւրը կը գրէ, որ գործարարը շատ վատ կը զգայ եւ կարողութիւն չունի փաստաբաններուն հետ խօսելու:
«Այդքան ծանր վիճակում գտնուող մարդուն նման կերպ պատժելն անմարդկային քայլ է: Ի վերջոյ խօսքը տնտեսական գործողութիւնների մասին է, սակայն նրան վերաբերւում են այնպէս, կարծես դէպքի վայրում ծանր յանցագործ են բռնել: Մէկ օր առաջ պէտք է տնային կալանք կիրառել», ըսած է Գուրգէն Հայրապետեան: