Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը
\n
\n
Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշըբ յայտարարած է, որ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ 1915-ի դէպքերը չեն ճանչցուիր որպէս ցեղասպանութիւն: Իսկ Աւստրալիոյ նահանգներու` այդ հարցին գծով իւրաքանչիւր նահանգի քաղաքականութիւն մշակելու միտումը նախարարը հակաօրէնսդրական համարած է:
\n
Պիշըբ, պատասխանելով «Աւստրալիոյ թրքական պաշտպանութեան դաշինք»ի (ATA-Australia) Սիտնիի մասնաճիւղի ղեկավար Էրթունչ Օզէնի ուղարկած նամակին, նշած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը անհատներ և որոշ խումբեր վերոնշեալ հարցին վերաբերեալ տարբեր կարծիք ունին, Աւստրալիոյ կառավարութիւնը այդ զգայուն հարցին միջամտելու կողմնակից չէ:
\n
Թրքական «Եէնի վաթան» լրատուական կայքին, Պիշըբը յայտնած է, որ իրենք հարցը լուծելու համար կողմերուն`Թուրքիային և Հայաստանին հրաւիրած էին երկխօսության և ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն վաւերացման առաջարկ ըրած էին:
\n