Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»՝ Տասնամեակ
\n
\n
Անցեալ ինը ամառները յաջորդաբար, Արցախի առասպելական – սակայն դժբախտաբար տակաւին ոչ ամբողջովին վերականգնած – Շուշի քաղաքին մէջ, տեղի կ’ունենայ երեխաների «Արամ Մանուկեան Ճամբարը»։
\n
Գանատաբնակ Այտա Շամլեանի յղացմամբ, ծրագրումով եւ պատրաստութեամբ, անոր ամուսնոյն Հայդուկի օժանդակութեամբ եւ իրենց երկու զաւակներու Տեսիլի եւ Պատրոյգի մասնակցութեամբ, այս նախաձեռնութիւնը անցեալ եօթը տարիներուն տեղի կ’ունեցայ Նարեկացի Արուեստի Միութեան Շուշիի համալիրին մէջ:
\n
\n
\n
\n
Երեք շաբաթներու վրայ երկարող ամենօրեայ (նեռարեալ Շաբաթ ու Կիրակի) ծրագիրը, – մշակոյթի, արուեստի, ազգի ու հաւատքի հիմունքներու վրայ պատրաստուած-, կ’ընդգրկէ զուարճալի եւ դաստիարակչական բազմաթիւ խաղեր, մարզական բազմատեսակ զբաղումներ, մշակութային արտայայտութեան պահ, ճաշ, խաղի ձեւով գիտական փաստարկումներ, շարժանկարի ներկայացում, եւ ձեռային աշխատանքներու եւ գեղարուեստի յատուկ ու ճոխ բաժին մը։ Ճամբարի աւարտին, Գանատայէն տարուած ու յայտագրին ծառայող ամբողջ մթերքը լիովին կը բաժնուի երեխաներուն։ Իսկ անոնք ամէն օր, իրենց ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներուն հետ, իրենց տուները կը տանին նաեւ ճամբարի ընթացքին իրենց սարքած ձեռարուեստի իւրայատուկ գործերը։
\n
Ընթացիկ Յուլիս 21-ին, Շուշիի Նարեկացի Արուեստի Միութեան համալիրին մէջ, յաջորդական տասերորդ տարուայ համար, դարձեալ բացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» ամառային մանկական Ճամբարը, Այտա-Հայդուկ Շամլեաններու նախաձեռնութեամբ, հովանաւորութեամբ եւ գործադրութեամբ, ինչպէս նաեւ շնորհիւ անոնց ընտանեկան եւ ընկերական հարազատ շրջանակի բազմաթիւ անդամներու ինքնաբուխ, առատաձեռն եւ նշանակալից զօրակցութեան – առանց որու անհնար կ’ըլլար այս աստիճան ընդլայնել այս առաքելութիւնը, զայն վերածելով հիմնարկութեան – :
\n
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ՝ http://www.shoushisummercamp.org/
\n
\n
\n
\n
\n
\n
\n
\n