Պաքու Կը Փորձէ Հերոսացնել Քարվաճառի Մէջ Գերեվարուած Հետախոյզները

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ արդէն իսկ ստեղծուած է Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցի հետախոյզներուն «Իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբ» մը, որուն առաջին մամլոյ ասուլիսը կայացած է Պաքուի մէջ, Հինգշաբթի, Յուլիս 17ին։

\n


\n

 Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, յանձնախումբի ղեկավար Էլխան Սալահով յայտարարած է, որ իրենց նպատակը քանի մը օր առաջ գերեվարուած Ատրպէյճանի քաղաքացիներ Տիլկամ Ահմետովի (կամ՝ Ասքերով), Շահպազ Կուլիեւի եւ դիմադրութիւն ցոյց տալու ժամանակ սպաննուած Հասան Հասանովի (նկարը) «իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ ողջ մնացած ատրպէյճանցիներու ազատութիւնը պահանջել»ն է:

\n


\n

Միւս կողմէ, մինչ շարք մը ատրպէյճանցի պետական պաշտօնատարներ կը շարունակեն պնդել, թէ հետախոյզները հայկական սահման չեն խախտած, այլ պարզապէս Ատրպէյճանէն «բռնագրաւուած» տարածքներ մուտք գործած են, Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ, իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան երեսփոխան Այտըն Միրզազատէ իր հրաւիրած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ ձերբակալուած «ատրպէյճանցիներու դէմ հայերուն գործողութիւնները չեն համապատասխաներ միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն»:

\n


\n

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի քաղաքացիները «ոչ թէ պետական սահման խախտած են, այլ անցած են հակամարտ զօրքերու շփման գիծը», եւ անոնց այդ քայլը «պէտք է գնահատել իբրեւ հերոսութեան օրինակ, ինչպէս կատարուած է Ռամիլ Սաֆարովի եւ Մուպարիզ Իպրահիմովի պարագաներուն»:

\n

 
Հայրենասիրական «թռիչքներ»ով սկսած խորհրդաժողովը կիսատ մնացած է ելեկտրականութեան հոսանքի անջատման պատճառով: Թէեւ ձեռնարկի մասնակիցները եւ լրագրողները կազմակերպիչներէն պահանջած են շարունակել ձեռնարկը, վերջիններս մինչեւ իսկ առանց կարդալու իրենց պատրաստած դիմումը՝ երեսփոխան Այտըն Միրզազատէի գլխաւորութեամբ հեռացած են դահլիճէն:

\n

 
Կը նշուի, որ ձեռնարկին չեն մասնակցած վերոնշեալ «պաշտպանութեան յանձնախումբ»ի միւս երեսփոխան անդամները, իսկ ձեռնարկին հրաւիրուած հետախուզողներու ազգականները հեռացած են՝ խորհրդաժողովի մեկնարկէն քանի մը վայրկեան ետք:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.