Թուրքիոյ Մօտ Ամերիկայի Դեսպանութեան Թեկնածուն «1915ի Ողբերգական Իրադարձութեանց» Արդար Ճանաչումը Կ՛ուզէ
\n
\n
Յուլիս 15ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ իր վկայութեան ընթացքին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու Ճան Պես յայտնած է, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն անկայունութիւնը աւելի հրատապ դարձուցած է Իսրայէլի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումը:
\n
«Կը շարունակենք կոչ ընել Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, որ քայլեր առնեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ», յայտարարած է Պես, յիշեցնելով «վարչապետ Էրտողանին ցաւակցութիւն յայտնելու քայլը՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին զոհուած հայերու սերունդներուն»:
\n
«Սակայն կարելի է աւելին ընել, եւ մենք կոչ կ՛ընենք երկու կողմերուն շարունակելու ջանքերը՝ 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստերու ամբողջական եւ արդար ճանաչման հասնելու համար», յայտարարած է դիւանագէտը:
\n