Հայ մասնագէտները պիտի ստեղծեն փիցցայի առաքման համար անվտանգ թռչող սարքեր
\n
\n
«Ինստիկէյթ Ռոպոթիքս» ընկերութեան աշխատակիցները մշակած են անօդաչու թռչող սարքերու սեփական ծրագիր և այժմ կ՚աշխատին սարքերու կայունութեան կատարելագործման ուղղութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, վերոնշեալ ընկերութեան մասնագէտներէն Վահագն Պօղոսեանի կը հաստատէ, թէ ընկերութիւնը մօտ ապագային կը ծրագրէ արտադրել փոքրիկ ուղղաթիռներ, որոնք փիցցայի եւ այլ փոքր բեռերու առաքման եւ փոխադրութեան մէջ կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել։
\n
«Եթե հիմա փորձենք ուղղաթիռն այնպէս օգտագործել, որ այն փիցցա առաքի մարդկանց տուն, այդ մարդու գլուխը կարող է վիրաւորել, երբ հասնի նրան: Դրանք յատուկ պաշտպանուած պէտք է լինեն, հիմա մենք նոր տարբերակ ենք ստեղծում, որ պաշտպանուած ու անվտանգ լինի»,-կը յայտնէ Վահագն Պօղոսեանը:
\n
«Ինստիկէյթ» ընկերութիւնը համակարգչային ծրագրաւորմամբ զբաղող ընկերութիւն է, որուն ծրագրային համակարգումի աշխատախումբերը տեղակայուած են Երևանի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Ստեփանակերտի և Գորիսի մէջ։ Ընկերութիւնը նաեւ ներկայացուցչութիւններ ունի Միացեալ նահանգներու, Գերմանիոյ, Իսրայէլի եւ Վրաստանի մէջ։ Կը գործէ 2005 թուականէն ի վեր և ներկայիս ունի աւելի քան 120 մասնագէտ աշխատող։
\n