Գէորգ Ղազարեան Միացաւ Օլիմփիաքոսի

 

0707gevorg_ghazaryanՆախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային միջնապահ Գէորգ Ղազարեան միացաւ իր նոր ակումբին` Օլիմփիաքոսի: Բնականաբար, ան յունական ակումբին հետ անմիջապէս սկսաւ իր փորձերուն, կը յայտնէ Armsport.am:

Օլիմփիաքոս 26 յուլիսէն 4 օգոստոս Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի մասնակցի ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, ուր ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ա. Սէ. Միլան, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Ա. Էս. Ռոմա, Լիվըրփուլ, Ռէալ Մատրիտ եւ Ինթեր Միլան:

Նախքան Միացեալ Նահանգներ մեկնիլը, Օլիմփիաքոս 12 յուլիսին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Քրասնոտարի դէմ (Ռուսիա):

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.