Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի գլխաւորած խումբը Յուլիս 20-ին փաստահաւաք աշխատանքներ իրականացուցած է ՀՀ Արարատի մարզի Երասխ գիւղին մէջ։ Արդիւնքներուն հիման վրայ ներկայիս կ՝ամփոփուի Պաշտպանի արտահերթ զեկոյցը՝ անգլերէնով եւ ապացոյցներով հիմնաւորուած: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՄԻՊ աշխատակազմը:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մէկ անգամ եւս յատուկ կ՝արձանագրէ, որ Երասխի մօտ ազրպէյճանական կրակոցները ունին յանցաւոր բնոյթ, կը կատարուին քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի եւ առողջութեան, այլ կենսական իրաւունքներու համար իրական վտանգաւոր եղանակով, անոնք կ՝ոտնահարեն քաղաքացիական բնակիչներու անդորրն ու խաղաղ կեանքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.