Կորսուած եւ Կորսուող Հողի Մորմոք
Ծիծեռնավանքը, Արցախ, Քաշաթաղ
Միլեառներ կը խոստանան Հայաստանի, այդ խոստումները քաղաքականօրէն անմեղ չեն, անոնց փոխարէն ակնկալութիւն եւ պահանջ ունին, լուծումներ պիտի պարտադրեն
Յ. Պալեան
Ոչինչ աւելի թանկագին է երկրի վրայ, քան հայրենի հողը: Կ’անցնին բոլոր փառքերն ու բոլոր որոտընդոստ երգերը, երբ անոնք չեն բխիր հայրենի երկրին ընդերքներէն: Կ’անցնին բոլոր պերճանքներն ու բոլոր պալատներն, երբ շուք չեն ձգեր հայրենի ջրերուն վրայ: Կ’անցնին մարդիկ իրենք, հեռագնաց հովերու պես, կ’անցնին փոշի ամպերու եւ թեթեւ եղանակներու պէս, եթէ իրենց մազարմատներով չեն խրուած երկրին բուսահողի մէջ: Կ’անցնին եզերքներու վրայ մեր բոլոր կարօտներն իսկ, վասնզի բեղմնաւոր չեն: Ինչ որ կը մնայ` մեր բիձաներուն բնիկ բարբառն է, որուն հնչիւններուն մէջէն մարդ ականջը լարելով կրնայ լսել հին հայոց տոհմիկ շեշտը:
Վազգէն Շուշանեան
Հայաստանեան կայքի մը վրայ հանդիպեցայ Վազգէն Շուշանեան խորագրի տակ մէջբերուած խօսքին, որ կրնայ համարուիլ հայու քաղաքական առաջադրանք: Հոն արտայայտուած գաղափարներով չդրոշմուած հայը, հայկական կազմակերպութիւնը, կառավարութիւնը, կուսակցութիւնները, ներսի եւ դուրսի էսթէպլիշմընթը եւ էլիդաները, վաղ թէ ուշ, կ’օտարուին:
Մէկ պարբերութեան մէջ ըսուած է ազգի գոյութենական հիմնականը:
Անկեղծ խոստովանութեամբ եւ առանց ինքնարդարացման փորձերու, պէտք է Վազգէն Շուշանեանի միտքերը դասաւորել եւ պատասխանել անոնցմէ բխած հարցումներու, առանց բաւարարուելու զգացումով հայ ըլլալու կամ տեղ մը հարիւր տոկոսով հայ եւ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի, արաբ, չինացի, գերմանացի ըլլալու ճոռոմաբանութեամբ (ինչո՞ւ չշարունակել եւ չաւելցնել՝ թուրք):
Արդարեւ, Հայրենի Հողն է, որ կը պահէ ազգը: Հոն են առհաւական ժառանգութիւնները, լեզուն, աւանդութիւնները, առասպելները: Հոն է, որ բնական մարդը իրաւունք ունի իր հայրերու եւ նախահայրերու կողքին թաղուելու: Հողը կը պահէ հայը, եթէ ան, ինչպէս կ’ըսէ Վազգէն Շուշանեան, իր մազարմատները խրած է հայրենի հողի մէջ: Եւ հայրենահանուած Շուշանեան կը թուէ բոլոր ժամանակաւոր եւ մասնակի երեւոյթները եւ յաջողութիւնները, պալատ ու պերճանք, փառք եւ որոտընդոստ երգեր: Անոնց համար կ’ըսէ՝ «կ’անցնին», «բուսահող»ի վրայ չեն, արմատ չեն արձակեր:
44օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստան հող կորսնցուցած է, դեռ կրնայ կորսնցնել ալ: Այդ կորուստները պիտի գումարուի՞ն մայրաքաղաք Անիի, Վանի եւ Աղթամարի, Մուշի եւ Սասունի կորուստներուն վրայ: Անոնց տէ՞ր պիտի դառնան այդ հողերուն օտար, հոն արմատ չունեցող ներխուժողներ:
Քաղաքական լրբութիւն է ուրիշի հողը եւ հայրենիքը կոչել սեփական տարածք: Այդպէս կ’ըսէ եւ կը յոխորտայ Ազրպէյճանի մենատէրը, հետեւելով իր երէց եղբօր՝ Էրտողանի՝ քայլերուն, որ Սիւնիքը, Զանգեզուրը, Սեւանը, նոյնիսկ Երեւանը, կը պատկանին Ազրպէյճանի: Անոր պատմական տարածքն են:
Եթէ այս յայտարարութիւնները մենք կը լսենք, կը լսեն նաեւ այսպէս կոչուած «աշխարհի մեծերը», .«ինքնակոչ իրաւարարները», «խաղաղութեան եւ արդարութեան ջատագովները»: Բայց ի՞նչ կ’ընեն: Ինչո՞ւ եւ ո՞ր շահախնդրութեամբ լուռ կը մնան: Մարգարէութիւն չէ. օր մը, իրենց թուլամորթեան պատճառով, վտանգը պիտի նստի իրենց շեմին, ինչպէս նստած էր Վիէննայի դռներուն առջեւ, պարիսպներուն տակ: Հիմա, առեւտրական շահերու համար կրնան նոյնիսկ դաւադրել,- այո՛, դաւադրել,- որ Հայաստանէն հողեր պոկուին այսպէս կոչուած միջազգային ճանապարհներու համար, խախտելով Հայաստանի հողային տարածքի ամբողջականութիւնը:
Միլեառներ կը խոստանան Հայաստանի, այդ խոստումները քաղաքականօրէն անմեղ չեն, անոնց փոխարէն ակնկալութիւն եւ պահանջ ունին, լուծումներ պիտի պարտադրեն: Հայ քաղաքական միտքը եւ ղեկավարութիւնը միլեառներու շլացումէն անդին պէտք է նային: Նաեւ ժողովուրդը, այդ շլացումը պէտք չէ գնահատէ միայն դասական դարձած «լաւ ապրելու իրաւունք»ի տեսանկիւնէն դիտելով եւ գնահատելով խոստացուած միլեառները: Եթէ Հայաստանէն իրաւունքներ պիտի խլուին, եթէ Հայաաստան հաստատուելիք ճանապարհներու (կոմունիկացիաներ) տէրը պիտի չըլլայ, անոնց վերահսկողութիւնը պիտի յանձնուի ուրիշներու, ինչո՞ւ չըսել Հայաստանի եւ հայութեան անթաքոյց թշնամիներուն, կը կորսնցնենք տարածքներ, անկախութիւն, միջազգային կամ թշնամի ուժեր կը տնօրինեն մեր ճակատագիրը:
Ճիշդ է, այդ ճանապարհները Հայաստանի ժողովուրդին համար կրնան ստեղծել աշխատանքներ, զորս չեմ ուզեր թուել: Անոնք այնքա՜ն մանրուք են, մանրավաճարային, բաղդատած ըլլալիք եւ պահանջուող զիջումներուն: Հողի տիրութեան իրաւունքը պիտի կորսնցնենք ստեղծուելիք նոր համակարգին մէջ:
Արդէն անցեալին սկսած, եւ այսօր 44օրեայ պատերազմի անփառունակ պարտութեան հետեւանքով, թափով շարունակուող արտագաղթը հայրենատիրութիւնը կը չեզոքացնէ, կ’ամլացնէ: Հոս պէտք է խորհիլ Վազգէն Շուշանեանի հայրենիք պահելու գիտակցական որակով, երբ կը դադրինք տէր եւ ծառայ ըլլալէ: Պէտք է կրկին մտածել Վազգէն Շուշանեանի հետ, երբ ան կ’ըսէ. «Կ’անցնին մարդիկ իրենք, հեռագնաց հովերու պես, կ’անցնին փոշի ամպերու եւ թեթեւ եղանակներու պէս, եթէ իրենց մազարմատներով չեն խրուած երկրին բուսահողի մէջ»: Հողը տէր կ’ուզէ:
Հայը ազգը ինքնութիւն է իր հողին վրայ, այլ հողերու վրայ ան բախտաւոր պարագային կ’աճի որպէս տարաշխարհիկ (exotique) բոյս:
Կրնանք ժամանակ մըն ալ հրճուիլ, որ կը տեւենք, բայց մինչեւ ե՞րբ: Վազգէն Շուշանեանի խօսքի վերջին տողերը մահերգութեան իրատեսութիւնը ունին, երբ կ’ըսէ. « Ինչ որ կը մնայ` մեր բիձաներուն բնիկ բարբառն է, որուն հնչիւններուն մէջէն մարդ ականջը լարելով կրնայ լսել հին հայոց տոհմիկ շեշտը»:
Բիձաները, երէցները, ինչպէս ցարդ ըրին սփիւռքի մէջ, ժամանակ մըն ալ կը պահեն եւ կը փոխանցեն բարբառը, տոհմիկ եւ արդիական կաղապարներու մէջ հնչող հայերէն բառ ու խօսքի տոհմիկ շեշտը, զոր լսելու համար լարուող ականջները պիտի նուազին:
Ոչ միայն չյաջողեցանք հայրենահանուած զանգուածները բերել հայրենիք, որպէսզի անոր բուսահողին վրայ արմատ արձակեն եւ տէր ըլլան հողին, այլ յաջորդական նահանջներով եւ ապիկարութիւններով այդ բուսահողին մէջ արմատ ունեցողները կը լքեն երկիրը եւ կ’երթան այլ երկինքներու տակ լաւ ապրելու իրաւունք նուաճելու:
Հայրենահանուած Վազգէն Շուշանեան հասկցած եւ զգացած է հայրենի հողի ազգի բուսահող ըլլալու կարեւորութիւնը: Ինչո՞ւ չենք յաջողած եւ չենք յաջողիր իր գոյապահպանական իմաստութիւնը դարձնել անմիջականութենէն անդին սաւառնող քաղաքական առաջադրանք. «Կ’անցնին եզերքներու վրայ մեր բոլոր կարօտներն իսկ, վասնզի բեղմնաւոր չեն»:
Արդարեւ, կարօտները եւ սէրերը, վարդապետութիւնները, աշխատանքն ու ստեղծագործական միտքը, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն, ԲԵՂՄՆԱՒՈՐ են հայրենի հողի վրայ:
Յաճախ պէտք է յիշել եւ առանց յոգնելու կրկնել Վիգէն Խեչումեանի «Գիրք Լինելութեան» երկին ազգային մեծ իմաստութիւնը եւ զայն կախել մեր դռներու վրայ. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Կարօտներէ եւ աղմուկներէ տարբեր նուագ:
Ինչո՞ւ «Գիրք Լինելութեան»ը կրկին չի հրատարակուիր, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ինչո՞ւ զայն տարբեր լեզուներով չենք հրատարակեր, ոչ թէ օտարին առջեւ պարծենալու համար, այլ որպէսզի ան խօսի նոյնիսկ «բիձա»ներու խօսքին անհաղորդ դարձած նորերուն:
Ինչո՞ւ հայ մտաւորականութիւնը, փոխանակ գեղագիտական-էստեդիկ ճապկումներով հրճուելու, Վիգէն Խեչումեանի տեսիլքի իմաստութեամբ չի գրաւեր բեմը, չի հեռացներ ապազգայինը, ապազգայնացնողը, եւ չ’առաջնորդեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք: