Ըստ Taraf-ի Էրտողան կը պատրաստուի բանալ հայ-թրքական սահմանը


Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը կը պատրաստուի կատարել երկրորդ քայլը հայ-թրքական յարաբերութիւններ՚ու կարգաւորման ուղղութեամբ: 

Այս մասին տեղեկութիւն ՚՚տարածած է ընդդիմադիր «Taraf» պարբերականը: «Էրտողանի կողմէ երկրորդ ժեստը Հայաստանին» շորագրով յօդուածը լայնօրէն տարածում գտած է թրքական կայքէջերուն վրայ: Յօդուածին մէջ կ՚ըսուի.

Առաջին քայլ . ցաւակցական ուղերձ

Հայկական սփիւռքը 2015-ին ընդառաջ լայնածաւալ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ` աշխարհին ներկայացնելու, թէ ինչ պատահած է հայ ժողովուրդին 1915 թուականին: Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն և զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ) հայկական կողմի նախաձեռնած արշաւին ազդեցութիւնը նուազեցնելու նպատակով կարգ մը քայլերու ձեռնարկեց: Որպէս առաջին քայլ` տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետին յղած ցաւակցական ուղերձը 1915-ին սպաննուած օսմանահպատակ հայերու թոռներուն:

Երկրորդ քայլ . սահման

Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկրորդ փուլով կը ծրագրէ բանալ ղարաբաղեան պատերազմի պատճառով 1993-ին փակուած և տարիներ շարունակ փակ մնացած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը: Տեղեկութիւն կայ այն մասին, որ վարչապետ Էրտողանի կողմէ արդէն տրուած է հրահանգ աւարտելու Ալիջանի սահմանկէտի բացման նախապատրաստական աշխատանքները: Իսկ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին 2012 թուականին: Այս աշխատանքներու ծիրէն ներս, դէպի Ալիջանի սահմանակէտ ձգուող շուրջ 7 քիլոմեթր ճանապարհը նորոգուած և ասֆալտապատուած է: Թէև տակաւին յստակացած չէ սահմանի պաշտօնական բացման ժամանակացոյցը, բայց քուլիսնեերու ետին խօսակցութիւններ կան, որ սեպտեմբերէն ետք հաւանաբար կատարուի բացումը:

Քլինթընի ցանկութիւնն էր

Հայ-թրքական սահմանի բացման ցանկութիւն յայտնած էր ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընը 2009-ին Անգարա կատարած իր այցելութեան ժամանակ:  Կ՚ակնկալուի, որ սահմանի բացումով ոչ միայն պիտի կարգաւորուին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, այլ նաև պիտի բարելաւուին Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները:

Ալիջանի դիմաց ՀՀ Արմաւիրի մարզի Մարգարայի անցակէտն է: Թուրքիոյ կողմէ սահմանի բացման պիտի հետևի Հայաստանի պատասխան քայլը, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի ու Թուքրիոյ միջև կը սկսին ընթանալ բանակցութիւններ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար մը կապ հաստատելով Զաման թերթի խմբագրութեան հետ անհիմն որակած է Թարաֆի տեղեկութիւնները։՚


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.