«Անահիտ» կենդանի պատկերաշարը մօտ օրէն կը յայտնուի սպիտակ պաստառին վրայ – video

\n

 

\n

«Ռոբերտ Սահակեանց Փրոտաքշըն» սթիւտիօն որ իր որակաւոր աշխատանքներով մեծ նպաստ կը բերէ Հայաստանի նոր արհեստագիտութիւններով շարժարուեստին, նկարահանած է «Անահիտ» կենդանի երկար պատկերաշարը (animation – dessin anime՛), որ գրեթէ հասած է իր լրումին։ Ղազարոս Աղայեանի համանուն հէքեաթին հիման վրայ պատրաստուած 90 վայրկեաննոց այս ժապաւէնը վերջնական սրբագրութիւններէ ետք 2014 Նոյեմբերին կը յայտնուի մեծ պաստառին վրայ։

\n

Կը նախատեսուի «Տիզնի»ի չափանիշներուն համապատասխանող այս ստեղծագործութիւնը յառաջիկային՝ 2014-ի աւարտին կամ 2015-ի սկիզբը ներկայացնել միջազգային փառատօներու։

Ֆիլմին մէջ կը հնչեն յատկապէս գրուած նոր երգեր, որոնցմէ չորսին երաժշտութիւնը հեղինակած է երգահան Արմէն Մարտիրոսեանը, մէկը՝ Վարդան Զադոյեանի գործն է։ Հէքեաթի հերոսներուն ձայնաւորումն ալ վստահուած է Հայաստանի ամենէն ծանօթ արուեստագէտներէն՝ Ռաֆայէլ Քոթանջեանին, Հրանտ Թոխատեանին, Շուշան Պետրոսեանին, Նազենի Յովհաննիսեանին,  Վարդան Զադոյեանին, Խորէն Լեւոնեանին։

Որպէս կենդանի երկար պատկերաշար՝ «Անահիտ»ը երրորդն է հայկական արտադրութեան պատմութեան մէջ, Ռոբերտ Սահակեանցի «Պանդոկ»էն եւ Արման Մանարեանի «Սասունցի Դաւիթ»էն յետոյ։

Ժապաւէնին ստեղծման մեծապէս աջակցած են «Շարմ Հոլտինկ» ընկերութիւնը, «Լոյս» հիմնադրամը, Հայաստանի հանրային հեռատեսիլը։ Ֆիլմի ստեղծման առաջին փուլին, երկու երգ ձայնագրելու գործին աջակցած է նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը։

Այս կենդանի պատկերաշարը կը նկարահանուի ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան պատուէրով։

«Անահիտ» անգամ մը արդէն ֆիլմի նիւթ դարձած է, սակայն «դասական» ոճով։ 1947-ին Համօ Բեկնազարեանի կողմէ նկարահանուած է «Երեւանի ֆիլմերի ստուդիա»յին մէջ։ Գլխաւոր դերերը ստանձնած են Հրաչեայ Ներսիսեան, Աւետ Աւետիսեան, Օրի Բունիաթեան, Մետաքսեայ Սիմոնեան, Եւգենիա Սեբար, Ֆրունզէ Դովլաթեան…

Երկու խօսք ալ նիւթին մասին։ Ժողովուրդէն աղջիկ մը ի վերջոյ կ՚ընդունի իշխանին ամուսնութեան առաջարկը, միայն մէկ պայմանով, որ վերջինս արհեստ մը սորվի։ Ապագային, այդ արհեստն է, որ կեանքը պիտի փրկէ արքայազնին։ 

\n

Տեսանիւթը դիտել հոս 

\n

http://www.youtube.com/watch?v=lGr8krAD0Ak

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.