«Քեսապի երեք օրերը». Քեսապի վրայ յարձակման մասին Յակոբ Չոլաքեանի նոր գիրքը


 

Քեսապի վրայ յարձակման մասին նոր գիրք մը լոյս տեսած է, ուր ականատեսի իր վկայութիւնները գրի առած է Յակոբ Չոլաքեանի (նկարը) գիրքը։ Հեղինակը կը նկարագրէ 21-23 Մարտ 2014-ի Քեսապի շրջանի հայաթափումը եւ յարձակման մանրամասնութիւնները։

Նշենք, որ լեզուաբան եւ գրագէտ Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» եռահատոր շարքը կը համարուի մինչեւ այսօր Քեսապի մասին լոյս տեսած աշխատասիրութիւններու մեծագոյնը՝ ծաւալով եւ պարունակութեամբ:

Ա. հատորը լոյս տեսած է 1995-ին, Բ.հատորը 1998-ին, Գ. հատորը 2004-ին:

Ա. հատորի յառաջաբանը գրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան, (յետագային Գարեգին Ա.Անենայն հայոց կաթողիկոս) եւ ինք քեսապցի ըլլալով, իր խոր գոհունակութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութեան զգացումները կը յայտնէ:

Ա. Հատորին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ պատմական ակնարկ մը Անտիոքի եւ շրջակայքի Հայ գաղթականութեան մասին ապա անոր երկրորդ գլուխին մէջ կը գտնենք Քեսապի մասին (19րդ դարէն մինչեւ 1915) մանրամասնօրէն տրուած տեղեկութիւններ, աշխարհագրական, վարչական բաժանումներու մասին, բնակչութեան, համայնքներու, կրթական եւ մանաւանդ Մեծ Եղեռնի մասին:

Հատորի այլ գլուխներուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ նիւթերը.- “Քեսապը իբրեւ սփիւռքահայ գաղութ”, “Քեսապի տնտեսութիւնը”, “Քեսապը եւ միւս գիւղերը”:

Բ. Հատորը կ’ընդգրկէ – հեղինակին խօսքերով- “Քեսապի եւ շրջակայ հայ բնակչութեան ազգագրութիւնն ու բանահիւսութիւնը”: Ազգագրութեան մէջ կը ներկայացուին ընտանիքի կազմութիւնը, ընտանիքը, տունը, տարազը, խոհանոցը, հասարակական յարաբերութիւնները, ժողովրդական բժշկութիւնը, հաւատալիքները, տօներն ու խաղերը:

Բանահիւսութեան բաժնին մէջ տրուած են ժողովրդական խաղիկները, պարերգները, պարեղանակները, օրօրոցայինները, ողբերն ու խաղերգները, առածներն ու ասացուածքները, հանելուկները, բարեւներն ու մաղթանքները, սուտլիկ տաղերը, առակներն ու հեքիաթները:

Գ. Հատորը կ’ընդգրկէ կարգ մը այլ հրատարակութիւններ Քեսապի մասին, որոնք են.-

– Տոքթ. Աւետիս Ինճեճիքեանի “Քեսապ եւ իր Բարբառը”

– “Ինքնակենսագրութիւն” Մարիամ Սարմազեան-Չուրիքեանի

– Սիմոն Այանեանի “1920թ. Մարդահամար Քեսապի եւ շրջակայից” աշխատասիրութիւնը

– Մաղաքիա Պապուճեանի “Քեսապը Հայաստանում” գործը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.