Ատրպէյճան Ռմբակոծեց Այգեպար Գիւղը. Ամբողջ Գիւղը Ծուխի Մէջ Էր
1243
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատպէյճանական կողմի ռմբակոծութեան պատճառով շաբաթավերջին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չէզոք հատուածին մէջ հրդեհ բռնկեցաւ:
Հակառակորդը մօտ 2 ժամ ռմբակոծեց սահմանամերձ Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Բարեկամաւան գիւղերը, որոնք զգալի վնասներ կրած են:
«Երկիր»ի հետ զրոյցի ընթացքին Այգեպար գիւղի գիւղապետ Անդրանիկ Այդինեան յայտնեց, որ «ամբողջ գիւղը ծուխի մէջ է, ատրպէյճանական կողմը անկանոն կերպով կրակած է Այգեպարի վրայ: Գիւղի տուներէն մէկը հրկիզուած է, գիւղացիները շուտով կրցած են մարել այդ հրդեհը»:
Նշենք, որ ռմբակոծութեան պատճառով վնասուած է գիւղի կազատար խողովակը, որ արդէն վերականգնուած է: Գիւղապետին խօսքով՝ ամէնօրեայ ռմբակոծութիւններուն պատճառով առնուազն 8 տուն վնասուած է: