Անահիտ Տոնապետեան արժանացաւ Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանին
\n
\n
Մեծ չէ Ֆրանսական Հանրապետութեան ցանկը շքանշաններու, որոնք կը շնորհուին ռազմական եւ քաղաքացիական (գիտական, մշակութային) ոլորտներու մէջ նշանակալից աւանդ ունեցած անձնաւորութեանց։ Պատուոյ Լեգէոնի ազգային շքանշանը (Ordre national de la Légion d’honneur) հաստատուած է 1802 Մայիս 19-ին՝ Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ. կը յանձնուի պետութեան եւ ազգին զգալի ծառայութիւններ մատուցանած անձերու։
\n
Անցեալ Հինգշաբթի, Յունիս 19ը, կարեւոր եւ ուրախ օր մըն էր Անահիտ Տօնապետեանին, իր գործակիցներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն, աշակերտներուն համար։ Երեկոյեան բոլորը հաւաքուած էին Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութեանց Ազգային Հիմնարկին (INALCO) կեդրոնական շէնքին շքաբակը (2, rue de Lille), ներկայ գտնուելու հանդիսաւոր արարողութեան եւ շնորհաւորելու փրոֆէսէօր Տօնապետեանը՝ պետութեան պատուաբեր գնահատանքին արժանանալուն համար։
\n
Հնդեւրոպաբան եւ հայագէտ-լեզուաբան, Հիմնարկի անդամ Շառլ տը Լամպերթըրիի կողմէ՝ Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի հանդիսաւորապէս յանձնումէն առաջ տիկին Տօնապետեան-Տեմոփուլոսին, խօսք առին անոր գործակիցներէն մի քանին։ Անոնցմէ՝ Արեւելեան Լեզուներու Հիմնարկին նախագահուհին՝ Մանիւէլլ Ֆրանք եւ Լեզուաբանական հետազօտութեանց միաւորման տնօրէնուհի՝ Իզապէլ Լէկլիզ. ներկայիս՝ ղեկավարները այն հաստատութեանց, ուր տեղի ունեցած է Ա. Տօնապետեանի մասնագիտական յառաջընթացը։ Երկուքն ալ, եւ յատկապէս՝ տիկին Ֆրանք, մանրամասնօրէն ներկայացուցին Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը։ Ան մասնաւորաբար նշեց Տօնապետեանի վիթխարի աշխատասիրութիւնը, դժուարին իրավիճակներու մէջ լուծումներ գտնելու կարողութիւնը եւ մարդամօտութիւնը։ Անթուան Մէյէի, Ժորժ Տիւմէզիլի, Ֆրէտէրիք-Արման Ֆէյտիի, Ժան-Փիէր Մահէի նման այնքա՜ն նշանաւոր գիտնականներէ ետք ստանձնելով ղեկավարութիւնը INALCO-ի Հայագիտական բաժնին՝ Տօնապետեան կրցաւ զայն վերածել՝ Հայաստանէն դուրս ամենէն լիակատար եւ ամբողջական հայագիտական կրթութիւն ապահովող համալսարանական ամպիոնին։ Իզապէլ Լէկլիզ ալ ընդգծեց, որ ինք յաջորդած է եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Ա. Տօնապետեանի՝ ժամանակին տնօրինած հետազօտական միջ-գիտակարգային միաւորումը, որ ձեւաւորուած եւ առաջին քայլերը առած է անոր օրօք (այժմ անուանւած՝ «Լեզուներու կառուցուածք եւ ուժականութիւն»։
\n
Յուզական, անմիջական եւ անկեղծ էր շքանշանակիրին խօսքը։ Անահիտը, ինչպէս զինք մտերմաբար կը կոչեն գործընկերները եւ աշակերտները, իր երախտիքի բառերը ուղղեց, նախ եւ առաջ՝ իր ընտանիքին եւ ծնողներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան։ 20րդ դարասկզբին Խարբերդի շրջանէն մազապուրծ եղած իր ընտանիքը մշտապէս թիկունք եւ ազդակ հանդիսացած է իր գործունէութեան։ Մեծ Եղեռնէն վերապրած՝ ընտանիքին միակ անդամը՝ Տօնապետ Տօնապետեան, կռուած է ֆրանսական Արեւելեան լեգէոնի շարքերուն մէջ, մասնակցած՝ Կիլիկիոյ մարտերուն։ “Այժմ՝ այս պարտաւորող շքանշանը որ կը շնորհուի ինծի, ես կը համարեմ յարգումը եւ պատւումը իմ մեծ հայր Տօնապետ Տօնապետեանի անմար յիշատակին. իսկական լեգէոնական, առանց սակայն կոչումի՝ Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետի”…
\n
Ներկաները մինչեւ ուշ իրիկուն շարունակեցին իրենց մտերմիկ զրոյցները գինիի եւ հիւթի գաւաթներով։
\n
«Նոր Յառաջ»
\n