139 Շրջանաւարտ` Հայկազեան Համալսարանէն


Հայկական սփիւռքի միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ունեցաւ իր շրջանաւարտներու 54-րդ հունձքը ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Համալսարանի շրջափակին մէջ հազարաւոր ներկաներու ծափողջոյններուն ներքեւ դիմաւորուեցան  139 շրջանաւարտները, դասախօսական կազմը, որոնք հանդիսաւոր մուտքով ուղղուեցան բեմ:

Հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որմէ ետք վեր. Պրիւս Սչուփ աղօթքով պաշտօնական բացումը կատարեց շրջանաւարտներու հանդէսին: Խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նկատել տուաւ, որ Հայկազեան համալսարանը համաշխարհային ասպարէզներու մէջ նկարագիր կերտելու առաքելութիւնը կը շարունակէ, որուն լաւագոյն վկաներն են 3500 շրջանաւարտները, որոնք անկախ իրենց սեռէն, դաւանանքէն, պատկանելիութենէն ու գաղափարէն, լծուած են ծառայելու հասարակութեան` նշանաբան ունենալով ճշմարտութիւնը, ազատութիւնը եւ անխոնջ ծառայութիւնը:

Վեր. Հայտոսթեան կարեւոր նկատեց կրթութեան ու դաստիարակութեան դերը ընկերութեան մէջ, ապա նկատել տուաւ, որ այս բառերը հայկազեանցիներուն համար կը կրեն տարբեր տարողութիւն եւ խորք, որովհետեւ կրթուած ըլլալ չի նշանակեր կեանքի համայնապատկերը ընդգրկելու ունակութիւն, այլ ասով մէկտեղ էութեամբ ընդգրկուիլ կեանքի խորապատկերին մէջ: Վեր. Փոլ Հայտոսթեան 2014 տարեշրջանի հունձքը նուիրեց  հայ ժողովուրդի եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան ապագային:

Ապա 139 շրջանաւարտներ հերթաբար ստացան իրենց վկայականները վեր. Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ,  որմէ ետք շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Լորի Յակոբեանն ու Ինաս Հասանը, որոնք յայտնեցին իրենց երախտապարտութիւնը Հայկազեանի մեծ ընտանիքին, անոր դասախօսական կազմին, իրենց ծնողներուն եւ ընկերներուն: Անոնք կարեւոր նկատեցին նաեւ համալսարանի դերը մարդու նկարագիրի կերտման աշխատանքին մէջ, ապա խոստացան համալսարանէն ստացած աւանդները իբրեւ մասունք պահել:

Այս ուրախ առիթով շնորհաւորական իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները յայտնեց, որ լաւագոյն արժէքը, լաւագոյն պայմանները եւ իրականութիւնը կրնան պատահիլ, երբ մտածենք մեր կարելիութիւնները փոխելու ու յառաջանալու մասին:

Վեր. Պրիւս Սչուփի աղօթքով հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ: Հնչեց համալսարանի քայլերգը, որմէ անմիջապէս ետք ծափերու տարափին տակ շրջանաւարտները իրենց գլխարկները բարձր նետեցին, իսկ գունաւոր բազմաթիւ փուչիկներ օդին մէջ տօնական մթնոլորտը պարուրեցին յոյսով ու հաւատքով` գալիք սերունդներուն նկատմամբ, վաղուան նկատմամբ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.