Հալէպի Մէջ Հայուհի Մը Զոհուած Է
1411
0
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ հրասանդի պատճառով 26 Յունիսին զոհուած է հայուհի մը՝ Մարիա Սապունճեան։
\n Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ նախօրէին ինկած էին երկու հրասանդներ, որոնց թիրախ դարձած է Ազգային Զաւարեան վարժարանի թաղամասը: Բարեբախտաբար, մարդ-կային վնասներ չկան։
\n Հալէպէն աղբիւրներ «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ Հալէպի մէջ կրկին ջուրի սուր տագնապ կայ: Քանի մը օրէ ի վեր արդէն ջրամատակարարումը դադրած է, եւ հալէպցիները աւելի դժուարին իրավիճակի մէջ կը գտնուին։
\n Նախորդ օրերուն Սուրիոյ Իտլիպ մարզի Խան Շէյխուն շրջանին մէջ զինեալներուն դէմ բախումներու ընթացքին զոհուած էր 1986ի ծնունդ Սեւակ Էօլմեսեքեանը: Անոր հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 Յունիսին Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
\n \n