«Հալէպի Արձանագրութիւնները» կը նկարագրեն ցեղասպանութենէն վերապրած մանուկներու տեսածները
Հայ որբեր Հալէպի մէջ, 1923
Մուրիէլ Միրաք-Վայսպախ «Տը Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ շուրջ մէկ դար առաջ, Հալէպը գաղթականներու՝ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու համար ապաստանարան մըն էր։ Ժընեւի մէջ Ազգերու լիկայի արխիւներէն նոր հրատարակուած նիւթերը ցեղասպանութեան մասին հազուագիւտ փաստագրութիւն մը կը ներկայացնեն, ուր օգտագործուած են դանիացիներու քով հասած վերապրողներու անձնական պատմութիւնները։ Անոնք հայեր էին, անոնցմէ շատերը փոքրիկ որբեր, որոնք 1922-էն 1930 երկարող ժամանակահատուածի ընթացքին իսլամական տուներէ (թուրք, քիւրտ կամ արաբ) ազատած էին։
Փաստաթուղթերը, որոնց ծանօթ են «Հալէպի արձանագրութիւնները՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւններ» անունով հաւաքուած, ծանօթագրուած եւ խմբագրուած են Թաներ Աքչամի, Տիճլէ Աքար Պիլկինի եւ Մաթիաս Պիոռնլունտի կողմէ։ Անոնք կը հրապարակուին www.armenocide.de կայքին վրայ, որ ցեղասպանութեան գերմանացի պատմագէտներ Վոլֆկանկ եւ Սիկրիտ Կուսթ ամոլին կողմէ նախաձեռնուած առցանց հրատարակչութիւն մըն է։ Վերջիններս առաջիններն էին, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին վերաբերեալ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներէն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւեր յայտնաբերեցին։
Դանիական մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպութեան աշխատակից դանիացի Գարեն Եփփէն էր, որ իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ կիներու եւ մանուկներու պաշտպանութեան Լիկայի յանձնակատար օժանդակեց հայ վերապրողներ իսլամացումէ փրկելու գործին: Այդ հայ վերապրողները իսլամ ընտանիքներու տուներուն մէջ պահուած էին, յաճախ իբրեւ գերիներ կամ ծառաներ։ 1921-ին իր պաշտօնին նշանակուելէն մինչեւ 1927, Եփփէի կազմակերպութիւնը «գործակալներու», ներառեալ կրօնաւորներու եւ գործարարներու ցանցի մը միջոցով աշխատանք տարաւ գտնելու եւ փրկելու համար Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուող հայերը։ Ինչպէս խմբագիրները իրենց ներածականին մէջ կը գրեն, ասիկա «հսկայական գործ մըն էր։ Շուրջ 100,000 հայեր, ընդհանրապէս կիներ եւ յաճախ շատ աղքատ, հիւանդութեամբ վարակուած, անգործ, որբացած, վատ սնուցուած եւ ցնցուած, որոնք Սուրիոյ տարածքին տարածուած էին եւ անոնցմէ շատեր գաղթականներու ճամբարներու մէջ կը գոյատեւէին։ Հակառակ այն իրողութեան, որ հայկական եւ մասնաւորաբար ամերիկեան կազմակերպութիւնները պատերազմի աւարտէն ի վեր աշխատանք տարած էին հայերու ազատ արձակումը ապահովելու՝ շուրջ 20,000-30,000 կիներ եւ մանուկներ կը շարունակէին արգելափակուած մնալ իսլամներու մօտ. անոնք ենթակայ էին առեւանգումներու, բռնի ամուսնութեան, բռնաբարութեան եւ սեռային ստրկութեան»։
Այս հայերը յայտնաբերելու համար տարբեր վայրերու մէջ, ներառեալ Ռաքքայի, Տէր Զօրի, Ռաս ուլ Այնի եւ Հասիճէի մէջ հետախուզման կեդրոններ հաստատուեցան, որոնց մէջ հաստատուած գործիչները գիւղական շրջաններ շրջելով իսլամական տուներու մէջ հայեր փնտռեցին։ Ազատ արձակուած հայերը սկիզբը ապաստան գտան Հալէպի մէկ գաղթականներու ճամբարին մէջ վրաններու մէջ։ Հայերու դանիացի բարեկամներու(ՀԴԲ) եւ Ազգերու լիկային միացեալ ղեկավարութեան տակ գտնուող ծրագիրները կը ներառէին հողամշակման աշխատանքներ, դպրոցներ եւ որբանոցներ։ Հալէպի մէջ ՀԴԲ-ի գաղթականերու ճամբարը ծանօթ էր «20,000-ին քաղաքը» անունով։ Այդտեղ վերապրողները կը գտնէին կերակուր, նիւթական ու բժշկական օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ ապագայ աշխատանքի համար պատրաստութիւն։ Փաստաթուղթերը, որոնք կը հրապարակուին իւրաքանչիւր գաղթականի ժամանման պահուն լեցուած ձեռագիր արձանագրութիւններն են, որոնք կը պարունակեն նախնական տեղեկութիւններ, ինչպէս անուններ, ծննդեան թուական եւ ծննդավայր։
Ահաւասիկ կարգ մը պատահական օրինակներ.
Սիրանուշ Քորեսեան, տարիք՝ 16, Զարայէն, հօր անուն Ոսկեհան, Հալէպի մէջ Գարեն Եփփէ որբանոց ընդունուած է 20 Յուլիս 1922-ին։ «Ան իր մեծ քրոջ հետ Ուրֆայէն եկաւ։ Անոր հայրը Ուրֆայի մօտ գտնուող գիւղին մէջ սպաննուած է։ Ան քրոջը ճակատագրին ծանօթ չէ։ Ան վեց տարի թրքական տան մը մէջ իբրեւ ծառայ ապրած է։ Բազմաթիւ անգամ փափաքած է փախուստ տալ, սակայն վախցած է, որովհետեւ իր հետ շատ գէշ կը վարուէին։ Հետագային հայ կին մը օգնած է իրեն եւ ան գացած է հայկական եկեղեցի, ուրկէ զինք ուղարկած են Հալէպ։ Անոր հօրեղբայրը Ամերիկա է։ Սիրանուշ կապ հաստատեց իր ազգականներուն հետ, որոնք իրեն դրամ ուղարկեցին եւ կը պատրաստուին զինք Ամերիկա տանելու։ Սիրանուշ մեր ճամբարը մուտք գործեց եւ ինքն իր ծախսերը կը հոգայ։ Մեզմէ հեռացաւ 28 Փետրուար 1923-ին, ազգականներուն մօտ»։
Գրիգոր Թուրքմոնօղլի, Մոշեկէն Գէորգի զաւակ, տարիք՝ 12, նոյն որբանոց ընդունուեցաւ 2 Օգոստոս 1922-ին։ «Իր ընտանիքին անդամներուն հետ տարագրուած է մինչեւ Մալաթիա, ուր զանոնք կորսնցուց։ Ան հասաւ Ռում Քալէ, ուր 7 տարի ապրեցաւ թուրքի մը հետ իբրեւ այգեպան։ Իր գործը շատ ծանր էր իրեն համար, չէր կրնար աւելի տոկալ եւ փախուստ տուաւ դէպի Պերեճիկ։ Այնտեղ հանդիպեցաւ հայ վարդապետի մը, որ 7 տարի ետք իր հանդիպած առաջին ազգակիցն էր։ Ան քանի մը օր խնամած է, ապա զինք բերած է Ճարապլուս, ուր ծանօթացած է մեր կազմակերպութեան։ Գրիգոր մեր մարդուն կողմէ Հալէպ ուղարկուած է։ Իր մեծ եղբայրը կը կարծուի Ուրֆայի մօտ գիւղի մը մէջ ըլլալ։ Գրիգոր հայկական որբանոցէն, հեռացաւ 31 Մարտ 1923-ին։ Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան կազմակերպութեան որբանոց»։
Ասոնք Հալէպ հասածներուն կարճ կենսագրականներէն օրինակներ են։ Արձանագրութիւններուն մէջ կան նաեւ աւելի երկար արձանագրութիւններ, որոնք աւելի համապարփակ պատկերացում մը կու տան գաղթականներու փորձառութիւններուն մասին։ Վկայութիւնները միասնաբար ցեղասպանութեան կենդանի ժամանակագրութիւն մը կը ներկայացնեն։
Ինչպէս խմբագիրները կը գրեն. «Պատսպարան ընդունուելէ ետք՝ վերապրողները կը ստանային ննջասրահներուն մէջ տեղ: Անոնք կրթութիւն կը ստանային եւ գործ կը սորվէին։
Այս հազուադէպ փաստաթուղթերու հրատարակութիւնը արժէքաւոր ներդրում մըն է Ցեղասպանութեան ողբերգութեան, շուրջ 2000 անհատ վերապրողներու վկայութեամբ։