Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիրացաւ Կարէն Ասրեանի Անուան Յուշամրցաշարքի Տիտղոսին
1345
0
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ջերմուկի մէջ աւարտած Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 7-րդ յուշամրցաշարքին տիտղոսակիրը ճանչցուած է երեւանցի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ ապահոված է 7,5 կէտ (առաւելագոյն 9 կէտէն):
Գրեթէ ամբողջ մրցաշարքին ընթացքին առաջին դիրքին վրայ եղող կրանտմասթըր Արման Փաշիկեան 7 կէտ ապահովելով հանդիսացած է 2-րդ:
Իսկ 3-րդ դիրքը գրաւած է միջազգային վարպետ Տիգրան Յարութիւնեան` 6,5 կէտով:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 67 ճատրակ խաղացողներ: