«Հայաստանը Պատրաստ Է Աջակցել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեանը». Սերժ Սարգսեան


ԵՐԵՒԱՆ.– Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը:
Անոնք զրուցած են ազգային-եկեղեցական հարցերու, Հայաստանի եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հայոց եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ նշանակութեան մասին:
Սերժ Սարգսեան շատ կարեւոր նկատած է սուրբ հողին վրայ բազմադարեայ պատմութիւն եւ հարուստ աւանդութիւն ունեցող Երուսաղէմի նուիրապետական աթոռի գործունէութիւնը՝ հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ զայն յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու իմաստով:
Նկատի առնելով Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ, նախագահը վստահեցուցած է, որ՝ «Հայաստանը պատրաստ է ըստ անհրաժեշտութեան աջակցելու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեանը իր այդ կարեւորագոյն առաքելութեան իրականացման ճանապարհին»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.