Էրտողանի դէմ բողոքի ցոյց Լիոնի մէջ
1134
0
Յունիս 21-ին, 1000 ցուցարարներ, որոնց շարքին ալեւի թուրքեր, հայեր եւ քիւրտեր բողոքի ցոյց կատարեցին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի դէմ, որ յատուկ այցելութիւններ սկսած է Եւրոպայի թրքական գաղութներուն, ամրապնդելու համար նախագահական ընտրութիւններու իր թեկնածութեան աջակցողներու շարքերը։ Ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Թուրքիոյ բռնապետ հեռացիր», «Հաւասարութիւն եւ ազատութիւն բոլորին», «Ազատութիւն հայ ժողովուրդին»…
Նշենք, որ Թուրքիոյ 75 միլիոն բնակչութեան 15 միլիոնը կը կազմեն թուրք ալեւիները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր ճնշուած են եւ շատ մը իրաւունքներէ զրկուած։