Հենրիխ Մխիթարեան Բարեգործական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Գիւմրի


2006henoՀայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան: Ան յատուկ այցելութեամբ մը ժամանեց նաեւ Գիւմրի, ուր անոր նախկին ակումբին` Շախտիոր Տոնեցքի աջակցութեամբ վերանորոգուած էր հոն գտնուող մարզասրահը:

Ան Գիւմրի ժամանեց իր մօր եւ քրոջ ընկերակցութեամբ:

Լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մխիթարեան ըսաւ. «Փորձեցինք օգնել մանկատուն-գիշերօթիկ դպրոցի մը, որ այդ օգնութեան կարիքը ունի: Այս ծրագիրը պիտի ըլլայ շարունակական, որովհետեւ այսքանով պիտի չբաւարարուինք: Յառաջիկային պիտի օգնենք նաեւ այլ հաստատութիւններու, որոնք օգնութեան կարիքը ունին: Կարեւոր չէ, թէ որքա՛ն գումար տրամադրուած է: Կարեւորը այն է, որ երեխաները ըլլան ուրախ եւ օգտուին մարզասրահներէն, որոնցմէ անցեալին չէին կրնար օգտուիլ: Ինծի համար կարեւորը այն է, որ այդ երեխաները նախ եւ առաջ լաւ մարդ դառնան»:

Մխիթարեան չբացառեց նաեւ այն կարեւոր կէտը, որ ապագային այսպիսի ծրագիրներ կրնան իրականացնել Պորուսիա Տորթմունտին հետ համագործակցաբար:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.