ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՃՈՂ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆ Է
Շալեմ քոլեճի, Եբրայական համալսարանի եւ Թել Աւիւ համալսարան դասախօսներէն Մայքըլ Թանչում turkey analyst կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ՝ անդրադառնալով 6 Մայիս 2014-ին Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի կողմէ Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուած Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Վրաստան եռակողմ առաջին վեհաժողովին կը գրէ, որ երեք երկիրներու ղեկավարները այդ վեհաժողովին ընթացքին իրենց երկիրներուն տնտեսական համագործակցութիւնը խորացնելու համաձայնութիւն գոյացուցին։
Այդ զարգացումին նկատմամբ Ռուսիոյ լռութիւնը նկատառելի էր։ Մոսկուայի կողմէ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարուեցաւ։ Պետական ՌԻԱ լրատու գործակալութիւն կամ «Իզվեսթիա»-ի նման կառավարամէտ լրատուամիջոցներ նոյնիսկ զայն չնշեցին։ Միայն ռուսական անկախ լրատու գործակալութիւններ, ինչպէս «Ռեկնում»-ը եւ «Ռոսպլաթ»-ը լուրին անդրադարձան։ Ռուսիոյ լռութիւնը կրնայ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները չնեղացնելու եւ անոնց Վրաստանն ու Ազրպէյճանը ՕԹԱՆ-ի կառոյցներուն յաւելեալ համարկելու պատրուակ չտալու նպատակը կը հետապնդէր։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախագահական եռակողմանի վեհաժողովներու ամրագրումը աշխարհաքաղաքական նկատառելի զարգացում մըն է։ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի վեհաժողովին ընթացքին հրապարակաւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին տուած առաջնահերթութիւնը կը թուի Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հաւաքական անվտանգութեան նկատմամբ թրքական յաւելեալ յանձնառութեան ցուցանիշը ըլլայ։
Այս առումով՝ Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի կցումին, Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան ռուսական հովանաւորութեան եւ Անդրտնեսթրի նկատմամբ ռուսական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան լոյսին տակ՝ եռակողմ վեհաժողովին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը կը թուի Ասիայէն Եւրոպա երկարող եւ Հարաւային Կովկասէն անցնող ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու միջանցքին մէջ Թուրքիոյ կենսական շահերը պաշտպանելու համար հաւաքական ապահովական մեքանիզմներ յառաջացնելու ջանք մը ըլլալ։
Եթէ յաջորդ նախագահական եռակողմանի վեհաժողովը ապահովական հարցերու շուրջ պաշտօնական որոշ յայտարարութիւն մը պարունակէ, ապա Թուրքիա Հարաւային Կովկասի հաւաքական ապահովութեան կազմութեան համազօր կառոյցին ամէնէն հզօր անդամը պիտի ըլլայ։ Ատոր զուգահեռ Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի հետ եռակողմ կազմի մը Թուրքիոյ մասնակցութիւնը եթէ նկատի ունենանք, ապա Թուրքիան կրնայ վերածուիլ Կովասկեան-Կասպիական ապահովական մեծ դաշինքի մը յառաջատար ուժին։