Մոնթրէալի Քաղաքապետութեան Գործադիր մարմնին փոխ նախագահ Յարութ Շիթիլեան կը պարգեւատրուի յատուկ մրցանակով
1387
0
\n
\n
Քէպէք Նահանգի քաղաքապետութիւններու Մայիս 23-ին կայացած տարեկան ժողովի ընթացքին յայտարարուեցաւ 2014 թուականին «Քաղաքապետութեան վերաշխուժացման մրցանակ»ին արժանացող անձնաւորութիւնը: Այս տարի մրցանակը շնորհուեցաւ Մոնթրէալի Քաղաքապետութեան Գործադիր մարմնին փոխ նախագահ՝ Յարութ Շիթիլեան, որ 2011-2012 վարած է Մոնթրէալի Քաղաքապետութեան Գործադիր մարմնին նախագահի պաշտօնը:
\n
Վերոնշեալ մրցանակը կը շնորհուի քաղաքապետութեան անդամ այն պաշտօնատարներուն, որոնք նոր բարեկարգութիւններով կ՚օժանդակեն քաղաքի զարգացման:
\n
Յարութ Շիթիլեան ներկայիս Մոնթրէալ Մոնթրէալի քաղաքապետութեան վարչական բարեփոխումներու, տեղեկատուական ցանցի եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատուն է։
\n