Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը 12-0 Արդիւնքով Յաղթեց

Շուէտի մէջ տեղի ունեցող չճանչցուած պետութիւններու հաւաքականներու աշխարհի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը 9-12-րդ դիրքի մրցումին համար ճակատեցաւ Տարֆուրի դէմ: Այս հանդիպումը աւարտեցաւ Արցախի հաւաքականին յաղթանակով` 12-0 արդիւնքով, երէկ հաղորդեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը: Արցախի կոլերը նշանակեցին Գէորգ Նռանեան, Նորայր Կէօզալեան (4-ական կոլ), Դաւիթ Գրիգորեան (2 կոլ), Կարապետեան (փենալթիով) եւ Արամ Բարեղամեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.