Ծով արեան մեղքերու մուրհակները՝ չքմեղանքով եւ կոկորդիլոսի արցունքներով չեն անհետանար

Հետեւելով Վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնողին Հանրապետութեան հրապարակի Մարտ 1ի ելոյթին, յականէ անուանէ արձանագրուած մտածումներուն բովանդակային առումով ընդգծելի են յետեւեալ նկատողութիւնները:

Քաղաքական իրադարձութիւններու միա՛յն անցեալով ապրիլը հիւանդագին անյարիր երեւոյթ է: Անցեալը որոճալը, Մարտ 1 ի անփառունակ միջադէպերը, որոնց ծալքերու բացայայտումները դատական մարմիններու քննութեան նիւթ են տակաւին, արտօնելի չէ՛ հրապարակաւ, վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնողին կողմէ, փոխանցելով իր անհատական կանխահաս ո՛չ իրաւացի եզրակացութիւնը, կը հանդիսանայ ակնյայտ ազդեցութիւն առկայ դատական թղթածրարին վրայ։

Բոցավառելով բորբոքած վէրքերը, խելօք քաղաքական գործիչի մօտեցում չէ, այլ կամակատար ստրուկ մարդու չարագործութիւն: Իր Կարճ յիշողութիւնը թարմացնելով  կը յուշենք 1 Մարտ  2008-ի օրերուն հնչեցուցած գրգռիչ խօսքերը, հրաման տալով կատաղած խռովարար ամբոխին, շալկել փայտի կտոր մը, քարի բեկոր մը ու հարուածելով ազգակիցին՝ առաւել ճարճատել շիկացած մթնոլորտը: Նոյն վարքագիծով, այսօր եւս ողջախոհ անմեղ քաղաքացիին հոգին շիկացնելով՝ անհեթեթ լոզունգներով ջրբաժան կը սերմանէ քաղաքացիներու միջեւ, կասկածի տակ առնելով  իրաւական եւ օրէնսդրական հաստատութիւններու առաքելութիւնը ու անոնց ներկայացուցիչներու վարքը:

Շարունակ՝ ուժային կառոյցներու մէջ փոփոխութիւններ յառաջացնելը իւարքանչիւր քաղաքական քայլափոխի պետական բարձրագոյն պաշտօնեաներու վերադասաւորման՝ յարմարեցումներ եւ նշանակումներ կատարելու վարժութիւնը, կայացած պետական թիւ 1-ի վարքագիծը պէտք չէ ըլլայ, եւ անյարիր գործընթաց է քաղաքակիրթ պետականութեան հասցէին։ Պետութիւնը մէկ ամբողջութիւն է եւ կարելի չէ տարանջատել քաղաքական եւ զինուորական կառոյցները եւ լուսանցքէն անդին շպրտել մէկը միւսի հաշւոյն։ Անժամանակ եւ գձուձ մեկնակէտերով պատերազմի անպատուաբեր արդիւնքներու յանցանքը բարդել զինուորականութեան եւ սպայակոյտին վրայ անընդունելի ինքնարդարացման փորձ է:

Վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը, գեներալ-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը կոչելով ՀՀ գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին, զինք՝ կամակատարի չի կրնար վերածել: Տիտղոսներ շնորհելով, կրծքանշաններ պարգեւելով, չի կրնար աժան ձեւերով վարկաբեկել հայ սպան ու կաշառել անոր պատուախնդիր ազնիւ հոգին: Մարդուկին կամայական հրամանին չենթարկուիլը, անհնազանդութեան  ցուցանիշ չէ, այլ խրոխտ զինուորականի արդար ցասումին արտայայտութիւնն է, այն սպային՝ որուն մէջ կը խայտայ Վահագնի կէները։

Օննիիկ Գասպարեանի եւ սպայակոյտի յայտարարութիւնը, որեւէ մէկ կերպով չենթադրեր զինուորական յեղաշրջման սպառնալիք, այլ սեւի ճերմակի վրայ կը պահանջէ վարչապետի հրաժարականը։ Հայկական ասպետականութեան վայել լրջութեամբ եւ հաւասակշռուած ելոյթներով հայ այրուձին կը վստահեցնէ, որ «անկախ Զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու փորձերուն՝ կը ՄՆԱՅ անդրդուելի, կշռադատուած և հաստատակամ»:

Սպայակոյտը՝ մեկնած իրեն վստահուած ազգային ու սահմանադրական դերակատարութենէն, ունի նուազագոյն բարոյական վարկը պահանջելու վերջ տալ իշխանական  արկածախնդրական կործանիչ այժմու քաղաքականութեան։

Զինուորական շտաբի վերջին յայտարարութիւնը կու գայ վստահեցնելու, որ «Զինուած ուժերը կ’առաջնորդուին բացառապէս պետական շահով և կը ծառայեն միայն ու միայն իր ժողովուրդին՝ ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմադրութեան և իրաւունքի նորմերով»:

Այսպիսով, սպայակոյտի բոլոր ստորաբաժանումներու ղեկավարները միասնական, մէկ մարդու նման՝ ՎԵՐՋ ըսին սադրիչին պարտուողական քաղաքականութեան։

Վարչապետի կողմէ նշանակուած սպայապետը, եթէ ունակ չէր իր կոչումին, ինչո՞ւ նշանակուեցաւ եւ իրեն վստահուեցաւ երկրի ամէնէ նուրբ պաշտօններէն մին:  Հիմա ալ հրապարակին մէջ կը հնչեցնէ.

– «Օննիկ ջան, դու մեծ սխալ ես թոյլ տուել, դու կատարել ես ժողովրդի կողմից մերժուած ու բոլոր հնարաւոր տեղերում փայ մտած՝ մեծ մերժուածի հրամանները»։

Կրկին հին յանկերգը ողջնցնելու սին ամաբարտաւանութեամբ, նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչին անունը վանկատելով, կը փորձէ շեղել հասարակութեան ուշադրութիւնը հրատապ առօրեայ մարտահրաւէրներէն, կասկածի մթնոլորտ ստեղծելով հայ սպայի արժանապատուութեան շուրջ:

Ինչ ձեւով ալ հանգուցալուծուի այս թնճուկը, մէկ պարզ իրականութեան առջեւ ենք, որ հայկական բանակը եւ հայ սպան կը մնան ապաւէնը ու միակ յոյսը հայ քաղաքացիին ու համայն հայութեան:

Նաեւ ուշագրաւ էր, որ  մարդուկը իր ելոյթի ընթացքին խուսփեցաւ գործածելէ յեղաշրջման ագթի սահմանումը, ետ գալով օրեր առաջ հաւարի զանգերը հնչեցուցած իր կոչէն, քանի բոլոր միջազգային դէտերը ու քաղաքական գործիչները, բաւարար հիմք ու տուեալ չտեսան այսպէս ըսուած «զինուորական յեղաշրջման փորձին» մէջ ու ծաղրանքի արժանացաւ ինք ու իր շինծու «զինուորական յեղաշրջման» Տոն Քիշոթութիւնը: Հարկ է, առանցնացնել ու բացառել թուրքական վարչակարգի «մտահոգ» եւ «նախաձախնդիր» մօտեցումները՝ հանդէպ դրացի Հայաստանի կայունութեան: Մարդուկը թուրքին գութը  շարժելով ու հայցելով արիւնոտ թթխմոր թուրքի տունէն, արժանի է մի՛այն պատուախնդիր հայու նախատինքին ու նզովքին:

Այսուհանդերձ, դեռ եւս կը սպասենք հայրենի իշխանութենէն համապատասխան արի կեցուածք, իրաւացի պատասխան մը տալով թուրքիոյ վարչախումբին, պարզելով որ ինք խորտակելի ապակափեղկով թող զբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդը ազատ թող կացուցանէ իր «յորդորներէն», աւելցնելով որ մենք ինքնիշխան կամքով՝ կարող ենք կարգաւորել հայոց տունը, առանց դրացիներու «բարի կամեցողութեան փափաքներուն», եւ վե՛րջ:

Մարդուկը՝ պահուան լրջութիւնը կորսնցուցած, ի հեճուկս յերիւրածոյ հռետորական հմտութեանը ու աճպարարութիւններու ճարտար ունակութեան, այս ամէնով իսկ, քաջութիւնը չունեցաւ թակելու ազգային գերխնդիրներու թեման: Այսպէս, խուսափեցաւ անդրադառնալ Արցախի կացութեան, Հայրենիքի դիմակայած ծայր աստիճան տնտեսական, ընկերային, վարչական, քաղաքական եւ ապահովական փխրուն իրավիճակներուն։ Կրկին շահարկեց մաշած յանկերգները, հինը այպանելով, ու իբր անմեղունակ առաջադրանք, հասարակութեան մատուցելով թաքուն դաւադրական ծրագիր, ճամբայ հարթելով բազմաչարչար թաւիշի՝ կարապի երգին, նենգաւոր սուրի շեղբը փայլատակեցնելով ժողովուրդի ազատ կամքին առաջ։

Այս հանգրուանի մեծագոյն նորութիւնը՝ սահմանդրութիւնը վերամշակելու անհրաժեշտութեան կոչն էր: Այս ժամկէտով՝ թուղթերը խառնելով, քաղաքացիին ու հանրութեան կիզակէտը ապակողնորոշելու ձախող փորձ մըն է այս պահանջքը: Այլեւս, հայ հասարակութիւնը իւղի պէս կուլ պիտի չտայ փուճ յայտարարութիւնները։ Ո՛չ մէկ բառ արտասանելով արտաքին քաղաքականութեան ու այն ամէն պատուհասներու մասին, որոնց առաջ կանգնած է հայրենիքը, աժան շահարկումով քաղաքացիի համբերութեան, ժամանակ շահելով, վերջին փորձերը կ’ընէ իր իշխանութեան աթոռը ապահելու ու իր թերաւարտ ազգադաւ ծրագիրները իրագործելու: Հայ քաղաքացին, որ պապակած կը սպասէ գործնական լուծումներու՝ դիմակալած ընկերային, ապրուստի եւ երկրի ապահովութեան հարցերուն, իր միակ ապաստարանը կը գտնէ հրապարակներու երթին մէջ, ապաւինելով համաժողովրդային բաձրաձայն զայրոյթի գործընթացին, Ազգ + Բանակ = Յաղթանակ կարգախօսին:

Իր կողմէ գործուած բոլոր սխալներու համար թողութիւն խնդրելը,  քաղաքական կեանքի մէջ անընդունելի վարք է։ Արկածախնդրական միջոցառումներով պետութիւն ղեկավարելը եւ ետքը խոստովանանքի կրպակին առաջ՝ մեղքէ արձակում հայցելը, մերժելի է ըստ ամենայնի հայ հասարակութեան  բոլոր բաղադրիչներէն, որոնց համար ազգային արժանապատուութիւնը պահպանելը գերխնդիր է եւ մերժելի ազգի անձնատուութեան ամէն գործընթացք:

Իր գործած սխալներէն մէկը, իբր թէ սիրուած ըլլալն է որպէս իշխանութիւն: Ո՞ր սիրոյ մասին է ակնարկութիւնը: Արդեօ՞ք հազարաւոր նահատակներու արեամբ  իրականացուած  պարտոուղական «իրագործում»-ին համար է ակնարկութիւնը, թէ անհամար «ստեղծագործ եւ կառուցողական» սեւի եւ ճերմակի, նախկինի ու նորի, վաճառանիշներուն իրաւատէրը ըլլալու հանգամնաքն է:

Իր կործարար ձեռքերով վատի եւ վատթարագոյնի ձեւաչափը ստեղծելով, վերջն ալ բեմականացուած չքմեղանքներով ընտրութեան մը հարկադրանքին առջեւ գտնուիլը, արգասիքն է իր վարած անհեռատես որոշումներուն, որոնք դիտաւորեալ փակուղիի առաջնորդեցին երկիրը ու թնճուկային կացութեան մէջ ձգեցին ամբողջ հասարակութիւնը։

Վերջապէս Վերոնշեալ իշխանաւորի վարքագիծը կը պարփակէ բոլոր նախադրեալները բռնատիրական վարչակարգերու, որուն բարձրաձայն ոտնաձայնը յականէ անուանէ արդէն կը լսենք հնչող նոր կարգախօսով՝ ՎԵՐՋ ԹԱՒԻՇԻՆ «մոգական» ներկայացումովը։

Քաղաքական կեանքի մէջ ծով արեամբ մեղքերու մուրհակները՝ չքմեղանքով եւ կոկորդիլոսի արցունքներով չեն չքացուիր: Յանցագործի ամօթի խարանը, երեսածածկով կարելի չէ քօղարկել:

Անտարակոյս, գինը պիտի վճարուի գործուած բոլոր մահացու մեղքերուն:

Ազգը պիտի չներէ՛:

Միայն Աստուած կարող է գթալ այս ողորմելիներուն վրայ:

Ժան Հալլաճեան

1 Մարտ, 2021 – Թորոնթօ

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.