Անգարա Մօտէն Կը Հետեւի Հայկական Ցեղասպանութեան Յանձնաժողովին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ստեղծուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Յանձնաժողովին մաս կը կազմեն կառավարութեան անդամներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքի անուանի դէմքեր:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Ապրիլ 23ի ուղերձին՝ Տաւութօղլու նշած է, որ այդ ուղերձը կ՛արտացոլացնէ Թուրքիոյ ռազմավարութիւնը «1915 թուականի դէպքեր»ուն վերաբերեալ:
Ան կրկին յիշեցուցած է համատեղ պատմական յանձնաժողով մը ստեղծելու իրենց առաջարկը եւ ընդգծած է, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց մշակած ռազմավարութեան ծիրին մէջ՝ իրենք կը շարունակեն աշխատաք տանիլ թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ անկէ դուրս:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.