Քեպէգի Ազգային Ժողովը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակը
1225
0
Մայիս 22-ին, Քեպէգ նահանգի Ազգային Ժողովի նստավայրին մէջ, Աքատի շրջանի երեսփոխան Քրիսթին Սէնթ Փիեռ ժողովի առաւօտեան նիստին առաջարկ ներկայացուց յիշատակելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Ժողովը մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
Նշենք, որ Քեպէգ նահանգի Ազգային Ժողովը 1980-էն ի վեր կը նշէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2001-ին, յատուկ բանաձեւով Ապրիլ 24-ը հռչակած է Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր։
Նկարը՝ Ազգային Ժողովի անդամները յոտընկայս լռութեամբ կը յարգեն Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։