ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ
Ճասթըն Սալհանի լիբանանեան անգլիատառ «Տը ՏԷյլի Սթար» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ շաբաթավերջին Պուրճ Համուտի մէջ լարուածութիւն մը ծագեցաւ, երբ Էլիաս Քալաշ անունով լիբանանցի քաղաքացի մը սուրիացի քիւրտի մը կողմէ նետուած կազի շիշի մը պատճառով մահաքունի մէջ մտաւ։
Դէպքէն յառաջացած լարուածութիւնը միայն հանդարտեցաւ Երկուշաբթի օր, երբ տեղւոյն քաղաքապետարանի ղեկավարները եւ ապահովական մարմիններու տարբեր ներկայացուցիչներ Շաբաթ օրուան դէպքերուն կրկնութիւնը արգիլելու համար շարք մը ժողովներ գումարեցին։ Քրտական Ռազկարի կուսակցութեան մէկ ներկայացուցիչը եւս կապի մէջ էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ՝ փորձելով համայնքային լարուածութիւնը հանդարտեցնել։
Պուրճ Համուտ բնակող սուրիացի քիւրտերու յստակ թիւեր գոյութիւն չունին։ Այս շրջանին մէջ տուներու աժան վարձքը զայն տարբեր ազգային փոքրամասնութիւններու մարդոց համար բնակութեան վայրի վերածած է, մասնաւորաբար վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն համար։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ իսկ շրջանին մէջ նկատառելի թիւով սուրիացի քիւրտեր կը բնակէին։
Շրջանի բնիկները կը պնդեն, որ դէպքը սկիզբ առած է, երբ սուրիացի քիւրտ մը Շաբաթ օր անձի մը նշանածին անպատշաճ խօսք մը ըսած է, ինչ որ խումբ մը լիբանանցիներ եւ լիբանանահայեր մղած է հաւաքուելու եւ մուտք գործել փորձելու միահարկանի շէնք մը, ուր կը բնակէր քիւրտը, անոր հայրն ու չորս եղբայրները։ Երբ լարուածութիւնը աճած է, քիւրտերէն մէկը տանիքէն պիւթակակազի շիշ մը նետած է վարը հաւաքուած ամբոխին վրայ՝ հարուածելով Քալաշը։
Երկուշաբթի օր, Քալաշ տակաւին կը գտնուէր հիւանդանոցի յատուկ խնամքի բաժանմունքին մէջ, թէեւ անոր ընտանիքը ըսաւ, որ անոր վիճակը արագ կերպով կը բարելաւուի։
Ըստ իշխանութեանց, քիւրտ մը ձերբակալուած է։
Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան յայտնեց, որ Շաբաթ օր տեղի ունեցածը մեկուսի դէպք մըն է, որ բոլոր շրջաններու բոլոր թաղամասերուն մէջ երիտասարդներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ։
Լիբանանցի քիւրտ դէմքերը կը պնդեն, որ իրենք ամբողջական կերպով կը զօրակցին պետական հաստատութեանց, սակայն համայնքին մէջ հալածանքի զգացում մը գոյութիւն ունի։